2016-08-31 09:44:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ ՝՝ Ի զուր կը պղտորես ջուրը՝՝


Ձկնորսներու վարպետութիւնները բաղդատելու պարագային, ո՛չ միայն անոնց տարիքը նկատի կ՛առնուի՝ ունեցած փորձառութիւնը հաստատելու համար, այլեւ ի՞նչ տեսակի ջուրերու ձկնորս ըլլալը: Այսպէս, ծովու եզրին կարթով որսացող ձկնորսը պէ՛տք է զանազանել ծովուն բացերը ուռկաններով որսացողներէն, կէս մեթր խորութեան մէջ տէգով որսացող ձկնորսները, պէ՛տք է տարբերել մութ ջուրերու մէջ նետով որսացող ձկնորսներէն: Մանաւանդ պէտք է զանազանել գետի հոսող ջուրերուն մէջ որսացող ձկնորսները, լիճի հանդարտ ջուրերուն մէջ որսացողներէն:

Պաղարիւն կենդանիներ ըլլալով հանդերձ, ձուկերն ալ զգացողութիւն ունին եւ ջուրին մէջ որեւէ շարժում իրենց կը հասնի ալիքներու հաղորդումով: Այս ալիքները պատճառ կը դառնան իրենց նախազգուշութեան, թէ ջուրին մէջ, իրենց շատ մօտիկ մտաւ առարկայ մը, որ կրնայ վնասել իրենց: Ուստի ակնթարթի մէջ իրենց ուղղութիւնը կը փոխեն, աջէն դէպի ձախ ընթանալով:

Ձկնորսութեան մասին հեղինակաւոր կարծիքներ տուողները, ընդհանրապէս կը խօսին այն առաքինութեան մասին, որ համբերութիւն կը կոչուի: Ճի՛շդ է, ոմանք ծանր առօրեայէ մը ետք ջիղերը հանդարտեցնող զբաղում կը համարեն ձկնորսութիւնը, սակայն եթէ անոր հանդարտեցուցիչ գործ ըլլալու գաղափարին չմիանայ համբերութեան առաքինութիւնը, թէ՛ առաջինը եւ թէ երկրորդը անիմաստ կը դառնան:

Միւս կողմէ, ջուրը պղտորելու յոգնութիւնը կ՛արժէ յանձն առնել, երբ որոշուած տեղը ձուկ կայ…։ Այլապէս՝ «կրկնակի խելագարութիւն» պիտի նկատեն ձկնորսին մօտ անոնք, որոնք իր այս արարքը կը տեսնեն:

Յաջողութեան հասնելու բազմամիլիոն ճամբաներ կան: Մարդիկ, սակայն, ընդհանրապէս անոնցմէ երկուքին վրայ կը կեդրոնացնեն իրենց ուշադրութիւնը: Առաջին՝ ամէնէն հեշտն ու կարճը, երկրորդ՝ ամէնէն արկածախնդրականն ու հզօրը:

Առաջինը, այո՛ ամէնէն կարճ ճամբան եւ դիւրինը պէտք է ըլլայ, որ աւելի նուազ ջանք ու ճիգ պիտի սպառէ, աւելի նուազ յոգնութիւն պիտի պահանջէ, ու մանաւանդ աւելի նուազ ժամանակ եւ նիւթական պիտի խլէ: Յատկապէս այսօրուան երիտասարդութեան նախասիրած ճամբան ա՛յս է: Կեանքի բարձունքները կ՛ուզեն ելլել առանց յոգնելու, կամ հասնիլ հոն, ուր կը փափաքին, առանց շատ դրամ ծախսելու, կամ երկար ու ոլորապտոյտ ճամբաներէ անցնելու:

Երկրորդը արկածախնդրական ճանապարհն է, որ դարձեալ շատ հաճելի է յատկապէս երիտասարդութեան համար: Երիտասարդներէն բացի, այս ճամբան կը սիրեն նաեւ անոնք, որոնք ո՛չ մէկ հարստութիւն կամ կալուած ունին: Այսինքն՝ կորսնցնելիք բան չունի՛ն: Անոնց համար ի՞նչ տարբերութիւն՝ եթէ արկածախնդրութիւն մը կատարեն իրենց նպատակին հասնելու համար: Եթէ յաջողեցան, շահ է ատիկա իրենց համար, իսկ եթէ ձախողեցան, արդէն իրենց նախկին դիրքին վրայ կանգնած կը մնան:

Մարդկային կեանքի թատերաբեմին վրայ այս «խելագար» ու «արկածախնդիր ձկնորսներուն» շատ կը հանդիպինք: Անոնք երբեմն գիտեն, թէ ձուկ չկայ այն ջուրին մէջ, զոր պիտի պղտորեն, սակայն՝ կր պղտորեն, ու բնականաբար, ձուկ չըլլալուն հետեւանքով, իրենց տէգին ծայրը այդ պղտոր ջուրերուն մէջէն աղբ կը հաւաքէ…։

Ինչո՞ւ պղտորես մարդոց կեանքը, երբ գիտես, թէ ատիկա արդիւնք պիտի չտայ: Երբ գիտես, թէ այսինչ կամ այնինչ մարդուն կարողութիւնը շատ սահմանափակ է, այսինքն՝ «այդ ջուրին մէջ ձուկ չկայ», ինչո՞ւ կը պղտորես անոր կեանքը, պահանջներ կը դնես անոր ուսերուն, զայն շուարեցնելու ծրագիրներ կը մշակես, երբ գիտես, թէ պատասխան պիտի չկարենաս ստանալ…։

Խելագար «ձկնորսներուն» ձեռքի տէգը, որ պղտոր ջուրերուն մէջէն միայն աղբ կ՛որսայ, ձեռքիդ մէջ կը վերածուի նմանիդ հոգին վիրաւորող զէնքի, որով կը խոցոտես զայն անխնայ:

Իսկապէս «վարպետ ձկնորս» կը կոչուիս այն ատեն, երբ նախ գիտնալով, թէ որոշուած տեղը ձուկ կայ, հանդարտութեամբ եւ համբերատարութեամբ կ՛իջեցնես կարթդ ու յարմար պահուն վեր կը ձգես զայն, տեսնելով աշխատանքիդ արդար արդիւնքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.