2016-08-31 12:07:00

Կարդինալ Փարոլինի պատգամը քրիստոնեայ ընկերային համագումարին մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 31 օգոստոսին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապի, պատգամը մը ուղղեց Հոլանտայի Տորն քաղաքին մէջ կայացած՝ Քրիստոնեայ Ընկերային Համագումարի մասնակիցներուն։

Պատգամին մէջ ծիրանաւորը ներկաներուն փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապի ջերմ ողջոյններն ու քաջալերանքը՝ յաւելեալ գիտակցութեամբ զարգացնելու մարդու արժանապատուութիւնը։  Կարդինալ Փարոլին, ընկերային հարցերու քննարկման շրջագիծէն ներս, յորդորեց համագումարի մասնակիցները, որ որպէս առաջնորդ ունենան մարդկայնականութիւն մը, որ կարող է միաւորել գիտութեան հայող զանազան մարզերը, որոնց շարքին տնտեսութիւնը՝ ի սպաս բոլորին ծառայութեան։ Այս առնչութեամբ ծիրանաւորը ապահովեց Ֆրանչիսկոս Պապի աղօթքն ու յանձնառարութիւնը աղքատներուն ու գաղթականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.