2016-08-31 12:00:00

Կարդինալ Թուրքսոնի ելոյթը Քրիստոնեայ ընկերային Համագումարի ժողովի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) “Քրիստոնեայ Ընկերային Շարժումին ներկայի մարտահրաւէրները՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''Գովեալ Լիցի'' շրջաբերականի լոյսին տակ”։ Այս խորագրով, օգոստոս 31ին, Կարդինալ Թուրքսոն, նախագահ Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական Խորհուրդին, բանախօսութիւն մը կատարած է, Հոլանտայի Տորն քաղաքին մէջ կայացած, Քրիստոնեայ Ընկերային Համագումարի ընթացքին։

Կարդինալ Թուրքսոն նկատած է, որ Հոլլանտայի Քրիստոնեայ Ընկերային Շարժումի առաջին ժողովը կատարուած էր Ամստերդամ քաղաքին մէջ 125 տարիներ առաջ։ 1891 լոյս տեսած էր Լեւոն ԺԳ. Քահանայապետի “Ռերում Նովարում” (“Նոր Իրականութիւններու հայող”) շրջաբերականը, որ յեղաշրջում մը կատարած էր ընկերային ուսուցման մէջ։ Կարդինալ Թուրքսոն նշած  է, թէ Ֆրանչիսկոս Պապի շրջաբերականը կարելի է նկատել 21րդ դարու “Ռերում Նովարում”ը, որ մեզի ցոյց կու տայ՝ իրարու եւ արարչութեան միջեւ տարբեր յարաբերութիւն մը որդեգրելու ուղին։

Ծիրանաւորը քանի մը կէտերու մէջ փոխանցած է իր պատգամը անդրադառնալով համաշխարհայնացման խնդրին. ապա  յիշեցուցած է ակնառու անհատներ, որոնք ուղեցոյց հանդիսացած են Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցման մէջ՝ անուանելով զանոնք “մարգարէներ”։

Իր խօսքին մէջ Կարդինալ Թուրքսոն  շեշտած է քրիստոնեաներու կոչումին եւ պատասխանատուութեան վրայ. անդրադառնալով ներկայ ժամանակներու մէջ սպառնացող փոփոխութիւններուն, կատարուած՝ յատկապէս հաղորդակցութեան նոր միջոցներու ձեռքբերումով։

Եւ վերջապէս, կարդինալը Թուրքսոն անհրաժեշտ  նկատած է երկխօսութիւնը, որուն վրայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը դրած է իր յոյսը, նկատելով զայն “իբր միակ ճանապարհը՝ դիմագրաւելու երկրագունդի խնդիրները եւ փնտռելու իսկապէս ատակ լուծումներ”։








All the contents on this site are copyrighted ©.