2016-08-30 10:27:00

Մամիկոն Ղարիբեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան՝ Ճատրակի Եւրոպայի պատանեկան ախոյեաններ


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Փրակի մէջ աւարտած ճատրակի Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան մրցումներուն, մինչեւ 12 տարեկան տղոց ախոյեան հռչակուած է Մամիկոն Ղարիբեան, որ 9 կէտէն 8 կէտ կրցած է ապահովել: Մինչեւ 18 տարեկան տղոց ախոյեանութեան տիտղոսը խլած է Մանուէլ Պետրոսեան, որ 9 կէտէն 7.5ը կրցած է ապահովել:

Այս մասին փոխանցած է Հայաստանի ճատրակի դաշնակ-ցութիւնը: Գործակալութիւնը կը փոխանցէ, որ Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան յաջող կերպով հանդէս եկած է նաեւ մինչեւ 8 տարեկաններու դասակարգէն մրցող Ռուդոլֆ Փաշիկեանը, որ վաստակած 7 միաւորով կիսած է 2-7րդ հորիզոնականներ, սակայն ցած լրացուցիչ ցուցանիշներուն պատճառով գրաւած է 7րդ դիրքը:

Մինչեւ 16 տարեկաններու մրցումներուն մասնակցած Արամ Յակոբեան վաստակած 7 միաւորով կիսած է 3-5րդ հորիզոնականները, սակայն լրացուցիչ ցուցանիշներու գումարումէն ետք գրաւած 5րդ հորիզոնականը:

Մինչեւ 18 տարեկաններու դասակարգէն հանդէս եկող 16ամեայ Հայկ Մարտիրոսեան վաստակած է 7 միաւոր եւ կիսած 2-5րդ հորիզոնականները, սակայն լրացուցիչ ցուցանիշներու հաշիւէն ետք գրաւած է 5րդ դիրքը:

Լաւագոյն տասնեակին մէջ տեղ գրաւած են նաեւ 10 տարեկաններու մրցաշարքին մասնակից Արսէն Դաւթեան եւ մինչեւ 14 տարեկաններու դասակարգէն Շանթ Սարգսեան:

Աղջիկներու մրցումներուն յաջող կերպով խաղացած են մինչեւ 12 տարեկաններու մրցաշարքէն հանդէս եկող Մարիամ Մկրտրեան, որ գրաւած է 4րդ դիրքը եւ մինչեւ 16 տարեկաններու ենթախումբի մասնակից Մարիամ Աւետիսեանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.