2016-08-30 10:38:00

Հաւատքի դերը տառապանքի մէջ


Բարեկամներ, ի սէր Քրիստոսի, հաւատքով բեռցուած խաչը, որ ընկերակցի մը կը զոհաբերենք, կը մերձեցնէ Աստուծոյ։ Ասիկա է մեր դրամագլուխը, որով Աստուած վստահեր է մեզի, որով մենք կրնանք աշխատիլ եւ պտղաբերել եւ դեռ ուրիշը երջանկութեան առաջնորդել։

Տառապող անհատը ունի դերը աջ կամ ձախ կողմի աւազակին։ Կ’ըմբոստանայ, կը դժկամի Աստուծոյ դէմ, կը կորսնցնէ արժէքը վիշտին եւ կը  դատապարտուի անյուսութեան, վհատութեան։ Յոյսը ինքնին յաւիտենականութիւն է։ Իսկ եթէ այդ անձկութեան մէջ կը տեսնէ Աստուած,  զոր  ինք ստէպ ժխտած է եւ մատնած, կը շահի մասնակցութիւնը Աստուծոյ արքայութեան մէջ։

Վիշտը հնոց է, բարեկամներ, ուր մարդկային սէրը կը մաքրուի եսամոլութեան ախտէն։ Ան մուրճ է մեծ ճարտարապետին ձեռքը, քանդելու մեր ազատութեան թիւր անկիւնները եւ թրծելու եսը մեր անձին՝ կատարեալ եւ հրապուրիչ։

Ինչպէս պտուղը կը հասուննայ, երբ արեւու ճառագայթները կ’այրեն զայն, այնպէս ալ մարդը հասուն կը դառնայ երբ վիշտի  կիզիչ արեւը կը խանձէ զինք։ Աստուած մեզ սիրեց, չարչարուեցաւ մեզի համար, երբ անարժան էինք ու մեղաւոր։ Քաջալերուած օրինակէն, մենք ալ պարտինք սիրել զինք եւ ազատ կամքով ստանձնել մեր կեանքին կապուած չարչարանքները։ Աստուած մեզի համար մեռաւ խաչին վրայ.  Փոխարէն, մենք՝ թէպէտ ազատ, պէտք չէ՞ ապրինք  իր բարի հաճութեան համաձայն։ Այս գաղափարը կորով կը ներշնչէ մեզի։ Մեր ազատութիւնը կ’ուղղենք մարդկայնական նպատակին՝ Աստուծոյ։  Աշխարհի վիշտը տեւական խրատող հրաւէր մըն է մեզի, որ քրիստոնեայ ենք։

 

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.