2016-08-30 12:31:00

Կարդինալ Թուրքսոն ՝՝ջուրը արժէքաւոր բարիք մըն է՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Ջուրը արժէքաւոր բարիք մըն է, ինչպէս նաեւ Աստուածային տարր ՝ յարգանքով եւ երախտագիտութեամբ  զայն շահագործելու համար։  Այսպէս արտայայտուեցաւ Քահանայապետական խաղաղութիւն եւ արդարութիւն խորհուրդի նախագահ՝ Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն , ՝՝ջուրը ի սպաս զարգացման՝՝ նշանաբանով,  Սթոքոհոլմի մէջ  կայացած ջուրի շաբթուայ առթիւ կազմակերպուած  ձեռնարկի  մը ընթացքին իր ունեցած ելոյթին մէջ։  

Ծիրանաւորը  ընդգծելով կարեւորութիւնը մարդկային  արժանապատուութեան, որ   կը գերազանցէ սպառողութեան եւ արտադրութեան տարրերը  յարեց ՝՝եթէ մեր երկրագունդի հարստութիւնները նկատուած են,  որպէս հրաշալի պարգեւներ ­ նոյնն է նաեւ  պարագան մարդկային կեանքին՝՝ եւ  այս ուղղութեամբ կարդինալ Թուրքսոն յորդորեց ձեռնարկին ներկայ գտնուող  հոգեւոր առաջնորդներուն  ապրելու   կեանքը իրենց դաւանած հաւատքին  համաձայն եւ երբեք չի հակառակին անոր`իրենց գործերով։ 

Ելոյթի աւարտին, ջուրի գործածութեան առումով,   կարդինալ Թուրքսոն թելադրեց, որ երիտասարդները դաստիարակուին զօրակցութեան , եղբայրասիրութեան եւ պատասխանատուութեան հոգիով, որովհետեւ սոյն առաքինութիւնները օգտակար կը դառնան  համեստ մատակարարներ եւ քաղաքագէտներ դառնալու համար – ըսաւ Քահանայապետական խաղաղութիւն եւ արդարութիւն խորհուրդի նախագահը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.