2016-08-30 10:15:00

Իտալացի եպիսկոպոսները փախստականներուն համար դրամական օգնութիւն յատկացուցած են։


(Ռատիօ Վատիկան) Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահութիւնը, 3.5 միլիոն Եւրօ յատկացուցած է Իրաքցի 3647 քրիստոնեայ ընտանիքներուն (Քաղդէացի, Ասորի – Կաթողիկէ, եւ Ասորի օրթոտոքս) որոնք փախուստ տուած են Մոսուլէն եւ Նինվէյի շրջանէն եւ այսօր կ՛ապրին Էրպիլի շրջանին մէջ։

Այլ 1 միլիոն եւ 600 հազար եւրօ պիտի յատկացուին ուտեստեղէն, դեղորայք ու  հիմնական պահանջներ ապահովեցնելու համար` 12 հազար Հալէպցի քրիստոնեայ ընտանիքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.