2016-08-29 13:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Սալոնիքի միջքրիստոնէական 14րդ գիտաժողովին առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) Միջքրիստոնէական 14րդ գիտաժողովին առիթով, որ տեղի կ՛ունենայ Սալոնիքի մէջ, 28էն 30 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատգամ մը յղած է Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ` Կարդինալ Քուրթ Քոխին։

Սրբազան Հայրը, պատգամին մէջ գոհունակութիւն կը յայտնէ գիտաժողովի իրականացման համար, որ կազմակերպուած է Անթոնիանում Քահանայապետական համալսարանի Հոգեկանութեան Փրանկիսկեան Հիմնարկի, եւ Սալոնիքի Արիստոտել Համալսարանի Ուղղափառ Աստուածաբանութեան Կաճառի կողմէ, “Եւրոպայի քրիստոնեայ հասարակութիւններու կրկին աւետարանման կարիքը” խորագրով։

Գիտաժողովի նպատակն է, օժանդակել Կաթողիկէներու եւ Ուղղափառներու աստուածաբանական եւ մշակութային հանդիպման։

Եւրոպայի մէջ շատ մը մկրտուածներ գիտակից չեն իրենց ստացած հաւատքի շնորհքին, չեն ունենար հաւատքի մխիթարութեան փորձը, եւ ամբողջապէս չեն մասնակցիր քրիստոնէական հասարակութեան կեանքին։ Այս իրականութիւնը մեծ մարտահրաւէր մըն է ցամաքամասի բոլոր Եկեղեցիներուն համար ։ Եւրոպայի մէջ տիրող ներկայի իրականութիւնն է՝ թէ քրիստոնէական արմատները միշտ աւելի կը նուազին։ Հետեւաբար Եւրոպան անհրաժեշտութիւնը ունի աւետարանումի նոր գործունէութեան։ Այս առաքելական պարտականութիւնը կը գործէ այն համոզումով, թէ Քրիստոս “միշտ կարող է նորոգել մեր կեանքը եւ մեր հասարակութիւնը. եթէ նոյնիսկ կ՛անցնինք եկեղեցական խաւար եւ դժուարին ժամանակներէ՝ քրիստոնէական ճանապարհը երբեք չի հինանար” կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը ու յոյս կը յայտնէ, որ Գիտաժողովը, բանախօսներու զեկոյցներու օգնութեամբ եւ շնորհիւ կաթողիկէ եւ ուղղափառ ուսումնասէրներու անկեղծ եւ սրտաբուխ փոխանակման, կարենայ նպաստել նոր ճանապարհներու, ստեղծագործ միջոցներու եւ յարմար լեզուի մը բացայայտման՝ կարենալ հասնելու համար Յիսուս Քրիստոսի աւետիսին՝ իր ամբողջ շքեղութեամբ։

Սրբազան Պապը յիշեալ միջոցառումին համար կը խնդրէ Սուրբ Կոյս Աստուածածնի բարեխօսութիւնը եւ Սուրբ Պօղոս Առաքեալի միջնորդութիւնը, որ  իբր առաջին անձը՝ Սալոնիքի մէջ քարոզած է Աւետարանը, ինչպէս նաեւ միջնորդութիւնը Սուրբ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս աւետարանողներու, եւ կը յղէ իր Առաքելական Օրհնութիւնը Գիտաժողովի մասնակիցներուն։

Նաեւ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս, պատգամ մը ուղղած է Գիտաժողովի մասնակիցներուն։ Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը կը յայտնէ ձեռնարկի իրականացման համար եւ կը յիշեցնէ, թէ Եւրոպայի հիմնական խնդիրը ոչ միայն որոշ կրօնքի մը անդամներու կողմէ վերջերս սաստկացեալ կերպով կատարուած ահաբեկչական արարքներն են, այլ առաւել եւս Եւրոպայի ապաքրիստոնէականացումը, որ վերջին տասնամեակներուն հետեւողական ընթացք մը բռնած է՝ հեռանալով քրիստոնէական արժէքներէ եւ աւանդներէ եւ ընդգրկելով նոր դրութիւններ եւ սովորութիւններ որոնք ամբողջապէս կը հակասեն Աստուծոյ օրէնքին։

Բարթողոմէոս Պատրիարք կը յանձնարարէ վերադառնալ քրիստոնէական հաւատքին եւ կեանքին՝ Քրիստոսի միակ Աւետարանին՝ Լոյս, Ճանապարհ, Ճշմարտութիւն եւ Կեանք։ Ան կը յորդորէ տածել սէր հանդէպ երկխօսութեան, նկատելով՝ թէ ապագան կը պատկանի Քրիստոսի, Անոր Եկեղեցւոյ, Անոր աստուածաբանութեան։

Պատգամի աւարտին Բարթողոմէոս Տիեզերական Պատրիարքը կը յղէ իր օրհնութիւնը Գիտաժողովի աշխատանքներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.