2016-08-29 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 28 եւ 29 օգոստոսի թուիթները


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 28 օգոստոս 2016-ին, Քահանայապետական ''pontifex'' թուիթերեան կայքին վրայ հրապարակուեցաւ նոր թուիթ մը որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը հաւատացեալներուն կ՛առաջարկէ ամէն օր արտասանելիք պարզ ու դիւրին աղօթք մը, որուն մէջ հայցել Աստուծոյ ողորմութիւնը։

''Ահա ամէն օր արտասանելիք  դիւրին աղօթք մը. Տէր, ես մեղաւոր մըն եմ. Եկուր քու ողորմութեամբդ'' գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակուած թուիթին մէջ։ 

Ապա երկուշաբթի 29 օգոստոսին հրատարակած թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ Աստուծոյ մեզի հանդէպ ցուցաբերած ողորմածութիւնը մեզ կը մղէ ողորմածութիւն ցուցաբերելու մերձաւորին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.