2016-08-29 09:41:00

Հայաստանի մէջ կայ շուրջ կէս միլիոն կենսաթոշակառու


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 1 Յուլիս 2016ի դրութեամբ, ընկերային ապահովութեան պետական ծառայութեան տարածքային ստորաբաժանումներուն մէջ հաշուըւած է 465.550 կենսաթոշակառու, որոնցմէ 307,449ը՝ տարիքային, 129,204ը՝ հաշմանդամութեան, 10,661ը՝ կերակրողը կորսնցուցած ըլլալու պարագայ, 2644ը՝ արտօնեալ պայմաններով, 823ը՝ երկարամեայ ծառայութեան, 14,769ը՝ մասնակի:

Այս վիճակագրութիւնը 26 Օգոստոսին լրագրողներուն ներկայացուցած է աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ընկերային ապահովութեան պետական ծառայութեան պետ Արմէն Աբրահամեան:

Ըստ անոր՝ 1 Յուլիսի դրութեամբ, ծերութեան նպաստ ստացողներուն թիւը կազմած է 3768, հաշմանդամութեան նպաստ ստացողներուն թիւը՝ 49,302: 2016ի առաջին կիսամեակին ծառայութեան միջոցով հանրութեան վճարուած է 151,105,511,1 դրամ:

Նշենք, որ կենսաթոշակներու յատկացումներուն համար պետական պիւտճէին 22 տոկոսը կը ծախսուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.