2016-08-29 09:37:00

Կարդինալ Փարոլին. ''Ողորմութեան Յոբելեանը առիթ է ուղղուելու դէպի Քրիստոս''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմածութեան բացառիկ յոբելեանը «բոլորիս առատօրէն շնորհուած առիթ մըն է՝ մեր ամբողջ էութիւնը վերստին ուղղելու դէպի Քրիստոս։» Այս խօսքերով, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլին բացատրած է յոբելինական տարւոյն իմաստը, Փորտենոնի Սուրբ Մարկոս տաճարին մէջ։ Ան` այս առթիւ ընդգծեց, թէ Քրիստոս մեզ կը յորդորէ «գիտակցիլ մեր սահմաններուն եւ պակասութիւններուն, եւ ճանչնալ՝ թէ պէտք ունինք Աստուծոյ ողորմածութեան եւ օգնութեան»։

Ծիրանաւորը հաստատեց, թէ «ոչ միայն իւրաքանչիւր անհատ, այլ նաեւ ամբողջ ընկերութիւնը մեծ կարիք ունի, որ Աւետարանի բարի լուրը վերահնչէ հրապարակներու վրայ եւ յագեցնէ ճշմարտութեան, խաղաղութեան, արդարութեան եւ ողորմածութեան ծարաւը» որ կը տիրէ մարդոց սրտերուն մէջ։ Հետեւաբար, քրիստոնեաները կարիքն ունին «վերագտնելու շնորհքի գանձը, որ անոնց պարգեւուած է՝ զանոնք պտղաբեր դարձնելու եւ լուսաւորելու անոնց օրերը։» Կարդինալ Փարոլին յատուկ կերպով յորդորեց քրիստոնեաները՝ «Յիսուսի դիմագիծը ճանչնալ աղքատներուն, հիւանդներուն, բանտարկեալներուն եւ տառատպեալներուն մէջ, որպէսզի վերածուինք ողորմածութեան նշանի, շնորհելով ընկերոջ այն ինչ որ Տիրոջմէ կը ստանանք եւ կը խնդրենք։»








All the contents on this site are copyrighted ©.