2016-08-28 13:00:00

Ֆրանչիկսոս Պապ երկրաշարժի թիրախ բնակչութեան «Հազիւ թէ կարելի ըլլայ ձեզ պիտի այցելեմ»։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 28  օգոստոսս 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին ողջունելով ս. Պետրոոի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ուզեց նորոգել իր հոգեւոր մօտիկութեան զգացումները Լացիօ, Մարքէ եւ Ումպրիա մարզերու բնակիչներուն որոնք վերջին օրերուն թիրախ դարձան Իտալիան հարուածած ահաւոր երկրաշարժին։ Նորին Սրբութիւնը յատուկէն նշեց Ամաթրիչէ, Աքքումոլին, Արքուաթան, Փեսքարա Տէլ Թրոնթոն եւ Նորչիան­, երկրաշարժէն վնասուած քաղաքները ու վստահեցուց որ համայն եկեղեցին կը բաժնեկցի անոնց ցաւն ու մտահոգութիւնները ապա հրաւիրեց աղօթել մեռեալներուն ու վերապրողներուն համար, գնահատելով իշխանութիւններու ու փրկարար մարմիններուն աշխատանքը եւ ընդգծելով զօրակցութեան կարեւորութիւնը` այս դժուար պահերը յաղթահարելու համար։ Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, հազիւ կարելի է կը յուսամ ձեր մօտ գալ, ձեզի անձնապէս բերելու հաւատքի մխիթարութիւնը, հօր ու եղբօր ողջագուրումը եւ քրիստոնէական յոյսի աջակցութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց հաւատացեալները միասնաբար աղօթելու մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար։

Իսկ աղօթքէն առաջ ներկայացուցած խորհրդածութեան ընթացքին սրբազան քահանայապետը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը պատմուի Յիսուսի մասին որ  Փարիսեցիի մը տունը հարիւրուած էր ճաշի` եւ ուր կը նշմարէ թէ շատեր կը փորձեն առաջին տեղերը գրաւել, ու այս առընչութեամբ իր շուրջիններուն կը պատմէ երկու առակներ մէկը հայող տեղ գրաւելու եւ միւսը վարձատրութեան։

Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց հետեւիլ Յիսուսին թելադրանքներուն` ըլլալ հեզ ու խոնարհ եւ չի փնտռել փառք ու պատիւը ու յատկապէս չի փնտռել վարձատրութիւն­, այլ գործել անձնուիրութեամբ ու ծառայական հոգիով, ամէնուրեք տանելով սիրոյ վկայութիւնը, հաւատալի եւ տեսանելի դարձնելու համար Քրիստոսի սէրը։

Սրբազան Քահանայապետը հայցեց ապա Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ առաջնորդէ հեզութեան ճանապարհի վրայ ու մեզ դարձնէ կարող հիւրընկալութեան եւ զօրակցութեան «ձրի» ներգործութիւններու, լքուածներուն եւ անտեսուածներուն նկատմամբ որպէսզի արժանանանք Աստուածային վարձատրութեան։ 

Սրբազան Քահանայապետը Մարեմեան աղօթքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ու ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.