2016-08-27 10:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապի երախտագիտական նամակը Վենթիմիլիա Թեմի Եպիսկոպոսին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ մը յղեց  Իտալիոյ Վենթիմիլիա թեմի եպիսկոպոս Գերապայծառ Անթոնիօ Սուեթթային, առ ի պատասխան, հոգեւոր առաջնորդին Սրբազան Հօր ուղղած  նամակին, որուն մէջ Վենթիմիլիայի  եպիսկոպոսը տեղեկութիւններ  տուած է քաղաքին դժուարին կացութեան մասին,  ուր անթիւ գաղթականներ ու փախստականներ Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի  սահմանագիծէն անցնելով հաստատուած են Վենթիմիլիա քաղաքին մէջ։

Նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ապահովեցնելով իր աղօթքն ու գորովը,  իր հոգեւոր  մօտիկութիւնը կը յայտնէ  համայն թեմին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը գործեն ընդառաջելու համար պատերազմէն ու բռնութենէն խուսափող մարդոց կարիքներուն, որոնք  կը գտնուին  յոյսի եւ խաղաղ ապագայի փնտռտուքի մէջ ։

Սրբազան Հայրը նամակին մէջ ապա յայտնած է  իր երախտագիտութիւնը թեմի հասարակութեան կողմէ ի գործ դրուած բոլոր ջանքերուն համար, որոնք, գրած է Նորին Սրբութիւնը  ՝՝ աւետարանի գորովովը, մարդկային ­ տնտեսական եւ ռազմավարական  օժանդակութիւն տրամադրելով,  կ՝աջակցին մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն՝՝։

Ի վերջոյ Ֆրնաչիսկոս Պապ քաջալերած է Եպիսկոպոսը , քահանաները, կրօնաւորներն  եւ հովուական գործիչները  ինչպէս նաեւ զանազան եկեղեցական հաստատութիւնները,  յարատեւելու իրենց այս վեհանձն հիւրընկալութեան եւ զօրակցութեան գործունէութեան մէջ, միշտ առ աւելիով դառնալու համար դուրս գացող եկեղեցի մը,  որպէսզի դառնան՝   ողորմութեան եւ աւետարանի ուրախութեան քարոզիչներն ու յոյսի վկաներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.