2016-08-27 09:42:00

Արժանթինի մէջ երանելի կը հռչակուի Աստուծոյ Աղախին Մայր Անթուլան ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 27 օգոստոս 2016-ին, Արժանթինի Սանթիակօ Տել էսթերօ քաղաքին մէջ, Սուրբերու դատի ժողովին կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Ամաթոն,  հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ երանելի կը հռչակէ  Սան Խօսէի Աստուծոյ աղախին Մարիա Անթոնիան։

Աւազանի անունով Մարիա Անթոնիա Տէ Փայ Ֆիկուերորա, ծանօթ էր  Մայր Անթուլա անունով։ Ան հիմնադիրը եղած է Պուենոս Այրեսի հոգեւոր կրթութեան կեդրոնին։ Որպէս աշխարհական  իր կեանքը ապրած է աղքատութեան մէջ եւ Արժանիթինի մէջ նախաձեռնողը եղած է հոգեւոր  կրթութեան զանազան կեդրոններուն։ Մայր Անթուլա փոքր  հասակին հետեւած է   Յիսուսեան Միաբանութեան հայրերուն,եւ անոնց  հետ կազմակերպած է հոգեւոր կրթութիւն, հիմնուելով  Յիսուսեան Միաբանութեան հիմնադիր ՝ Սուրբ Իգնատիոսի ուսուցումին վրայ։

Իր շուրջը հաւաքած է թափառաշրջիկ եւ անտէր երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ, եւ փոքր ժամանակամիջոցի մը մէջ կազմած է  300 անդամներէ բաղկացած  8-ը խումբեր,  որոնք կը կ՝ապրէին եղբայրօգնութեան հոգիով եւ աղօթքով։

1767-ին, երբ Յիսուսեան միաբանութիւնը կը վտարուի Արժանթինէն, Մայր Անթուլա իր հետ կրելով լոկ խաչափայտ մը, շրջած է համայն Արժանթինի մէջ ու խնամք տարած է Յիսուսեան Միաբանութեան թողած կեդրոններուն ու գործունէութիւններուն ։

Պատմութեան տուեալներուն համաձայն, Մայր Անթուլա , 8 տարիներու ընթացքին, Արժանթինի մէջ կազմակերպած է 70.000 հաւատացեալներու համար հոգեւոր կրթութիւն,  այնուհետեւ նուիրատուութեամբ ստացած մեծ հողամասի մը վրայ, Մայր Անթուլա կառուցել տուած է Արժանթինի մէջ առաջին եւ ամենէն մեծ հոգեւոր կրթութեան կեդրոնը։

1779-ին, Պուէնոս Այրէս կեցութեան ընթացքին , Մայր Անթուլա հիմնած է այլ հոգեւոր կրթութեան վայր մը որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ գործել եւ  բաց է հանրութեան։

7 մարտ 1799-ին, Մայր Անթուլա հրաժեշտ կ՛առնէ այս աշխարհէն։  Անոր  մարմինը կը հանգչի Տիրամօր նուիրած Պուէնոս Այրթսի` Նոսթրա Սինիորա տաճարին մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.