2016-08-26 09:36:00

Մոսկուա համաձայն է Հալէպի մէջ 48 ժամուան զինադուլին։ Կը սպասուի միւս կողմի պատասխանը։


Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակի օգնական Եան Իկլանտ յայտնեց. «Կ՛ուզենք, որ Հալէպի մէջ 48 ժամուան զինադուլ հաստատուի»: Ան նշեց, որ արեւելեան Հալէպ մարդասիրական օժանդակութիւններ ուղարկելու համար ամէնէն արագ ճամբան Քասթիլոյի ճամբան է:

Իկլանտ յայտարարեց.«Մոսկուա համաձայն է 48 ժամուան զինադուլին, եւ մենք կը սպասենք Հալէպի մէջ գետնի վրայ ներկայութիւն եղող միւս կողմի պատասխանին»:

«Մարդասիրական օժանդակութիւններով բեռցուած բեռնակառքերը պատրաստ են մուտք գործելու արեւելեան Հալէպ», նշեց ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.