2016-08-26 09:32:00

''Հայկական աշխարհը համացանցին մէջ''. Երեւանի պետական համալսարանին մէջ գիտաժողով։


Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանին նախաձեռնութեամբ 25 օգոստոսին, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ սկսաւ «Հայկական աշխարհը համացանցին մէջ» խորագիրով գիտաժողովը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հայաստանի Հանրապետութեան  սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Երեւանի պետական համալսարանի ղեկավար Արամ Սիմոնեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու հիմնարկի ակադեմիկոս քարտուղար Եուրի Սուվարեան, «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեան:

Ողջունելով գիտաժողովին մասնակիցները` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը յատկապէս շեշտեց այն հանգամանքը, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան վերջին զարգացումները նպաստեցին, որ հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ կապը աւելի դիւրանայ եւ արագանայ:

«Իբրեւ սփիւռքի նախարար` տարբեր առիթներով նշած եմ, որ շնորհակալ եմ, երախտապարտ եմ համացանց ստեղծողին: Դուք պատկերացուցէք, որպէսզի մենք ձեզի հետ կապուէինք` ամիսներ պէտք պիտի ըլլար` որեւէ նամակ տեղ հասցնելու համար: Այսօր մէկ վայրկեանուան ընթացքին, ձեռքի մէկ շարժումով` ամբողջ աշխարհասփիւռ հայութեան կրնանք փոխանցել, տեղեկացնել անհրաժեշտ տեղեկատուութիւնը եւ անոնցմէ տեղեկութիւններ ստանալ», նշած է նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ յոյս յայտնած, որ գիտաժողովին մասնակիցները գործնական քայլերու ձեռնարկեն` միասնական համահայկական եւ ազգօգուտ ցանց ստեղծելու ուղղութեամբ, որ աւելի պիտի խթանէ հայկական ներուժին համախմբումը, հայկական աշխարհին հզօրացումն ու միասնականութիւնը:

Բացման արարողութենէն ետք գիտաժողովը շարունակեց իր աշխատանքները, որոնք կ՛ աւարտին այսօր` 26 օգոստոսին:








All the contents on this site are copyrighted ©.