2016-08-25 11:41:00

''Չինաստանի հետ երկխօսութիւնը կը շարունակուի'' ըսաւ Կարդինալ Փարոլին


(Ռատիօ Վատիկան) ''Օրինակելի հովիւ մը եւ Աստուածային ողորմութեան սիրոյ վկայ'', Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին այս բառերով ուզեց յիշատակել Յովհաննէս Պօղոս Ա` Ալպինօ Լուչիանի Քահանայապետը, անոր Քահանայապետ ընտրութեան 38-րդ տարեդարձին առթիւ որ տեղի ունեցած էր 26 օգոստոս 1978-ին եւ որուն առթիւ այս տարի բացումը կը կատարուի Ալպինօ Լուչիանի անուամբ թանգարանին։

''Ավվենիրէ'' օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Կարդինալ Փարոլին ընդգծեց երջանկայիշատակ Քահանայապետին պատգամին այժմէականութիւնը։

''Հակառակ անոր քահանայապետութեան կարճատեւ շրջանին, Ան կարողացաւ արդիւնաւէտութեամբ արծարծել սէրը` Աստուծոյ եւ մերձաւորին նկատմամբ ու ապրիլ ողորմութեան ներգործութիւնները յատկապէս ապրելով եկեղեցական աղքատութիւնը, համախմբումը ինչպէս նաեւ օրթոտոքս եղբայրներու հետ միութիւնն ու խաղաղութեան հետապնդումը''։

''Ավվենիրէ'' օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին Կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Պապին համաշխարհային տագնապներու նկատմամբ մօտեցումին, սկսեալ իսլամական ահաբեկչութենէն ու մաս մաս եղած համաշխարհային պատերազմէն։

''Սրբազան Քահանայապետը կը մերժէ խօսիլ կրօնական պատերազմի մասին որովհետեւ այս մէկը  ՏԱՀԵՇ-ի ձգտումն է ու հարկ է անոնց թակարթին մէջ չ՛իյնալ'' ըսաւ Կարդինալ Փարոլին ընդգծելով ապա թէ խոյս չկայ երկխօսութենէն որ է ու կը մնայ միակ ճանապարհը մահմետականներուն հետ կապին։

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը անդրադառնալով հուսկ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու մասին հաստատեց թէ զանոնք օգնելու միակ ճանապարհը անոնք յիշելն է ու անոնց շօշափելի զօրակցութիւն ցուցաբերելն է, ապա խօսեցաւ Սուրբ Աթոռի ու Չինաստանի միջեւ երկխօսութեան հարցի շուրջ հաստատելով թէ այդ երկխօսութիւնը կը շարունակուի երկու կողմերու բարի կամքով։

Կարդինալ Փարոլին ապա հաստատեց թէ Չինաստանի մէջ տարբերութիւն չիկայ երկու եկեղեցիներու միջեւ, մէկը Քահանայապետին հպատակ ու միւսը կառավարութեան, այլ կան երկու հասարակութիւններ որոնք կ՛ուզեն հաղորդութեան մէջ ապրիլ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ, յոյս յայտնելով թէ այդ երկու հասարակութիւնները մօտ ապագային հաշտուին, զիրար ընդունին, ողորմութիւն պարգեւեն իրարու ի սպաս Աւետարանի հռչակումին­, որպէսզի ան ըլլայ իսկապէս հաւատալի։








All the contents on this site are copyrighted ©.