2016-08-25 09:47:00

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ համաներում կրնայ յայտարարուիլ։


Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 24 օգոստոսին գլխաւորած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակին առիթով համաներում յայտարարելու մասին նախագահ Բակօ Սահակեանի առաջարկը:

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ սահմանադրութեան եւ Ազգային ժողովի կանոնակարգին համաձայն, նշուած առաջարկը խորհրդարանին կը ներկայացուի Ազգային ժողովի համապատասխան որոշումի նախագիծի ձեւով, որ պէտք է համաձայնութեան արժանանայ Ազգային ժողովի լիագումար նիստին: Նախօրէին ներկայացուած որոշումի նախագիծը պատգամաւորները քննարկած են Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբին մէջ եւ անհրաժեշտ պարզաբանումներ ստացած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ Արա Լազարեանէն:

Ամփոփելով հանդիպման արդիւնքները` Աշոտ Ղուլեան յայտարարած է, որ 25 օգոստոսին` ժամը 11:00-ին պիտի գումարուի Ազգային ժողովի արտակարգ նստաշրջան` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին առաջարկած օրակարգով:








All the contents on this site are copyrighted ©.