2016-08-25 12:01:00

Իրանի աւագ այաթոլլայի նամակը Ֆրանչիսկոս Պապին։


(Ռատիօ Վատիկան) Իրանի աւագ այաթոլլա, Նասեր Մաքարեմ Շիրազի, նամակ մը յղած է Ֆրանչիսկոս Պապին, որուն մէջ իր խնդակցութիւնը յայտնած է Սրբազան Հօր, Լեհաստանէն վերադարձին՝ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին արտասանած խօսքերուն համար, որուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով ահաբեկչական գործողութիւններուն, հաստատ կերպով մերժած է որեւէ նոյնացում Իսլամութեան եւ ահաբեկչութեան միջեւ։

՝՝Իսկապէս գնահատելի են Ձեր խոհեմ եւ տրամաբանական նկատումները Իսլամութեան վերաբերեալ, նկատելով թէ կրօնքն ու անմարդկային գործողութիւնները ինչպէս նաեւ Տահեշ ըսուած խմբաւորումը իրարմէ անջատ կը նկատէ՝՝ գրած է Իրանի մեծ Այաթոլլան Ֆրանչիսկոս Պապին յղած նամակին մէջ։

Իսլամներուն հոգեւոր առաջնորդը հրամայական նկատած է, որ աշխարհի կրօնապետերը դիրք բռնեն ահաբեկչական եւ բարբարոսական արարքներուն դէմ, յատկապէս երբ անոնք կը գործադրուին կրօնքի անունով։ Ան դարձեալ դատապարտած է Ռուէնի եկեղեցւոյ մէջ քահանայի սպանութիւնը, որ պատահեցաւ անցեալ 26 յուլիսին, յիշել տալով, որ նոյն դատապարտումը կատարած են նաեւ մահմետական զանազան կրօնապետեր ու անթիւ հաւատացեալներ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.