2016-08-24 12:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Ուքրանիոյ ի սպաս կոչը եւ աղօթքը Ֆրանսայի ժողովուրդին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 24 օգոստոս 2016-ին, հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Իտալիոյ Կեդրոնական շրջանը հարուածող երկրաշարժի զոհերուն համար կատարած աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները դարձեալ կոչ ուղղեց ի սպաս Ուքրանիոյ ու նորոգեց իր աղօթքը ի սպաս Ֆրանսայի։

''Ուքրանիոյ մէջ կը շարունակուին հակամարտութիւնները եւ այս վերջին շաբաթներուն միջազգային դէտերը իրենց մտահոգութիւնները յայտնեցին ի տես երկրի արեւելեան շրջանի մէջ կացութեան վատթարացումին'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու աւելցուց ''Այսօր մինչ այդ սիրեցեալ Երկրին մէջ կը տօնախմբուի ազգային տօնը, որ կը զուգադիպի անոր անկախութեան 25-րդ տարեդարձին, կը վստահեցնեմ իմ աղօթքս ի սպաս խաղաղութեան եւ կը նորոգեմ կոչս բոլոր կողմերուն եւ միջազգային հաստատութիւններուն որպէսզի կրկնապատկեն ձեռնարկները` լուծելու համար հակամարտութիւնը, ազատ արձակելու պատանդները ու համապատասխանելու մարդկայնական տագնապին''։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ Սուրբ Լուիճիի տօնին նախօրեակին աղօթեց Ֆրանսայի ժողովուրդին ու անոր կառավարիչներուն համար հրաւիրելով զանոնք յուսալ հակառակ մտավախութիւններու։

Նորին Սրբութիւնը ապա յորդորեց ընթանալ միշտ դէպի մերձաւորը ''Մենք Յիսուսին կը դպչինք երբ դուրս կու գանք օգնելու մեր կարիքաւոր եղբայրներն ու քոյրերը, ըսաւ Ան հաստատելով թէ   ''մեր Փրկիչ Քրիստոսին դպչելով կը վերանորոգենք մեր կեանքը''։

Ունկնդրութեան աւարտին վերյիշելով Սուրբ Բարթողոմէոսի տօնը երիտասարդները, հիւանդներն ու նորապսակները հրաւիրեց Անորմէ օրինակ առնել ու հասկնալ թէ իսկական ուժը հեզութիւնն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.