2016-08-24 10:33:00

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Իտալիոյ մէջ երկրաշարժի զոհերուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 24 օգոստոս 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ի լուր Իտալիոյ կեդրոնական շրջանը հարուածող ահեղ երկրաշարժին, աւանդական  հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, մէկդի դնելով այս առթիւ պատրաստած խորհրդածութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները միասնաբար աղօթել վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը` երկրաշարժի բոլոր զոհերուն համար։

''Ամէնէն առաջ բարի լոյս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Այսօրուայ համար, ինչպէս այս Ողորմութեան տարուայ ամէն չորեքշաբթի օրուայ առթիւ, խորհրդածութիւն մը պատրաստած էի Յիսուսի մօտիկութեան նիւթին մասին։ Սակայն ի տես երկրաշարժին որ հարուածեց կեդրոնական իտալիան, քանդելով ամբողջ շրջաններ ու պատճառելով մահ ու վիրաւորներ, չեմ կրնար իմ խորին ցաւս ու մօտիկութիւնս չի յայտնել բոլոր այդ շրջաններու մէջ ապրող ու ցնցուած անձերուն ու բոլոր անոնց որոնք իրենց սիրելիները կորսնցուցին ինչպէս նաեւ անոնց որոնք տակաւին կ՛ապրին ահ ու սարսափի պահեր''։ 

''Ամաթրիչէ քաղաքի քաղաքապետին խօսքերը ունկնդրելը` ''քաղաքը այլեւս գոյութիւն չունի'' եւ իմանալ թէ մահացողներու շարքին կան նաեւ մանուկներ, զիս խորապէս կը յուզէ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա երկրաշարժի թիրախ բոլոր քաղաքներու ու թեմերու բնակիչներուն վստահեցուց իր աղօթքները ինչպէս նաեւ համայն եկեղեցւոյ սէրն ու գորովը եւ հրապարակի ողջագուրումը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կամաւորներուն որոնք օգնութեան հասան բնակչութեան. հուսկ հրաւիրեց ներկաները միանալու իր աղօթքին. որպէսզի ''Յիսուս` մեր Տէրը որ միշտ կը յուզուի մարդկային ցաւին դիմաց, մխիթարէ բոլոր տառապող սրտերը ու խաղաղութիւն պարգեւէ անոնց, բարեխօսութեամբն Սուրբ Կոյս Մարիամին։

''Թոյլ տանք յուզուելու Յիսուսին հետ'' ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու որոշեց խորհրդածութիւնը յետաձգել յաջորդ շաբթուայ ու հրաւիրեց միասնաբար աղօթել Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը ''մեր այս եղբայրներուն ու քոյրերուն համար'' ըսաւ Ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.