2016-08-24 14:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերանք ու մօտիկութիւն յայտնեց Ռիեթի թեմի եպիսկոպոսին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի լուր Իտալիոյ կեդրոնական շրջանի Ռիեթի նահանգի մէջ տեղի ունեցած հզօր երկրաշարժին, Ռիեթի թեմին Եպիսկոպոսը` գերապայծառ Տոմենիքօ Փոմփիլի որ ուխտագնացութեամբ կը գտնուէր Լուրտի Սրբավայրին մէջ, անմիջապէս վերադարձաւ Իտալիա եւ ուղղուեցաւ աղէտի վայր, մօտէն հետեւելու կացութեան ու ծրագրելու համապատասխան ձեռնարկներ։

''Այսօր առաւօտեան ժամը 7-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հեռաձայնային կապ հաստատեց հետս եւ տեղեկացուց թէ երկրաշարժի լուրը ստացաւ առաւօտեան 4.15-ին ու անմիջապէս ուղղուեցաւ մատուռ ու պատարագ մատոյց` աղօթելով երկրաշարժի թիրախ անձերուն համար'' յայտնեց Գերապայծառ Փոմփիլի ընդգծելով թէ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անոր հրաւէր ուղղած է չվախնալու ու մօտիկութիւն ու քաջալերանքի արտայայտութիւններ փոխանցելու համայն ժողովուրդին։

Մինչ այդ Ռիեթիի թեմը արդեն աշխատանքի լուծուած է շտապ օգնութիւն ապահովելու բոլոր անոնց որոնք կարիքի մէջ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.