2016-08-24 12:41:00

Սփոլեթօ-Նորչայի Արքեպիսկոպոսի այցը երկրաշարժի վայրեր։


(Ռատիօ Վատիկան) Սփոլեթօ-Նորչայի Արքեպիսկոպոս՝ Ռենաթօ Պոքքարտօ կ’այցելէ Վալներինա՝ Նորչայի մարզի մէջ, ցուցաբերելու համար իր մօտիկութիւնը եւ հոգեւոր աջակցութիւնը այնտեղի ժողովուրդին, որ քանի մը ժամ առաջ ապրած էր կործանիչ երկրաշարժ մը, որ ցնցած էր կենդրոնական Իտալիան, եւ յատկապէս Մարքէ, Լացիօ եւ Ումպրիա նահանգները։ Արքեպիսկոպոսը, իր անձնակազմին հետ միասին, կ’ուզէ ընդհանուր գաղափար մը կազմել տեղւոյն վրայ, եւ յատկապէս եկեղեցական կալուածներու վնասվածքներու շուրջ։ Արդէն առաջին ցնցումէն անմիջապէս վերջ, որ տեղի ունեցած էր առաւօտեան 3։36ին, արքեպիսկոպոսը հեռաձայնային կապ հաստատած էր Նորչայի եւ Քաշայի ժողովրդապետներուն հետ, հետաքրքրուելով անոնց վիճակով, եւ անոնց հետ կապի մէջ մնացած էր՝ մինչեւ իր մեկնումը դէպի աղէտի վայրը։ Կարդինալ Կուալթերիօ Պասսեթթի, Ումպրիայի եպիսկոպոսական Ժողվի նախագահ, եւ առաջնորդ Փերուճա եւ Փիաւէ քաղաքներուն, հեռաձայնով կապուած էր Արքեպիսկոպոս Պոքքարտոյի հետ եւ յայտնած էր իր աղօթքի միութիւնը՝ Նորչայի ժողովուրդին։ Նաեւ Իտալական Քարիթասի Տնօրէնը՝ Գերապայծառ Ֆրանչեսքօ Անթոնիօ Սոտտու, առաւօտ կանուխ կապուած էր Սփոլեթօ-Նորչայի Քարիթասի տնօրէն՝ Ճորճօ Փալլուքքոյի հետ՝ տեղեկանալու համար կացութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.