(Ռատիօ Վատիկան) 24 օգոստոս 2016-ի առաւօտեան կանուխ ժամը 3.36-ին 6.0 մանյիթուտով ահաւոր երկրաշարժ մը հարուածեց Իտալիոյ կեդրոնական շրջանը` Ռիեթի նահանգի` Աքումոլի քաղաքին մօտ, 4 քմ խորութեան վրայ։ Մէկ ժամ ետք` 4.34-ին Ումպրիա նահանգի շրջանի մէջ արձանագրուեցաւ երկրորդ երկրաշարժի ցնցում մը այս անգամ 5.4 մանյիթուտով։ Երկրաշարժներու ցնցումները զգացուեցան համայն կեդրոնական Իտալիոյ մէջ` Ումպրիա, Լացիօ եւ Մարքէ Մարզերու մէջ, ներառեալ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ, եւ նախնական տուեալներուն համաձայն կան բազմաթիւ մեռեալներ ու վիրաւորներ, որոնց թիւը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրէ, ինչպէս նաեւ կան ահաւոր քանդում եւ աւերներ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |