2016-08-24 12:35:00

Իտալիոյ Եպիկոպոսական Ժողովը մէկ միլիոն եւրօ տրամադրեց Իտալիոյ երկրաշարժի զոհերուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Իտալիոյ Եկեղեցին ժողովուրդին կը ցուցաբերէ իր մօտիկութիւնը եւ իր աղօթքը կ’ապահովցնէ այս ողբերգութեան զոհերուն։ Թեմերու, ժողովրդապետութիւններու, կրօնաւորական հաստատութիւններու եւ աշխարհական կազմակերպութիւններու ցանցը հրաւիրուած է թեթեւցնելու ծանր պայմանները, որոնց տակ անհատներ պարտադրուած են ապրելու։ Այդ նպատակով, Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Ժողովի նախագահութիւնը կը կազմակերպէ ազգային դրամահաւաք մը, որ պիտի կատարուի Իտալիոյ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, սեպտեմբեր 18ին, որ կը զուգադիպի Հաղորդութեան Ազգային 26րդ Համագումարին, իբր եղբայրսիրութեան պտուղ՝ երկրաշարժէն վնասուած ժողովուրդին համար։ Նուիրատուութիւնները պիտի ուղարկուին Իտալական Քարիթասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.