2016-08-24 11:18:00

Թուրքիա տուն կանչած Վիեննայի մօտ իր դեսպանը։


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Աւստրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ծագած դիւանագիտական լարուածութեան հետեւանքով, Թուրքիա խորհրդակցութեան նպատակով Օգոստոս 23ին տուն կանչած է Վիեննայի մօտ իր դեսպանը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու, մեկնաբանելով այս որոշումը՝ պնդած է, թէ Աւստրիա սկսած է ըլլալու Եւրոպայի հակաիսլամական շարժումներու կեդրոն մը: Ան իր դժգոհութիւնը յայտնած է Աւստրիոյ մէջ Թուրքիոյ կառավարութեան աջակցողներու ցոյցին արգիլման առթիւ, յատկապէս՝ որովհետեւ Աւստրիոյ իշխանութիւնները աւելի ուշ արտօնած են Անգարայի կողմէ ահաբեկչական խմբաւորում համարուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կազմակերպած ցոյցը։

Յիշեցնենք նաեւ, որ անցեալ շաբաթ Վիեննայի օդակայանին մէջ տեղադրուած էր հետեւեալ հակաթրքական յայտարարութիւնը. «Գիտէ՞ք, որ Թուրքիոյ մէջ արտօնուած է սեռային յարաբերութիւն ունենալ 15 տարեկանէն վար երեխայի հետ»: Թուրքիա խիստ արձագանգ ցուցաբերած էր այդ յայտարարութեան, որուն ի պատասխան՝ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը վկայակոչած էր խօսքի ազատութեան սկզբունքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.