2016-08-23 09:56:00

Վենետիկի Յանձնաժողովն ու այլ հաստատութիւններ ողջունած են նոր ընտրական օրէնսգիրքը


Վենետիկի յանձնաժողովը եւ ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակը (ԺՀՄԻԳ) 19 Օգոստոսին Հայաստանի իշխանութիւններուն փոխանցած են փոփոխութեան ենթարկուած Ընտրական օրէնսգիրքին վերաբերեալ իրենց երկրորդ միացեալ կարծիքը:

Փաստաթուղթին մէջ շեշտուած է, որ Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւն ծագած է Դեկտեմբեր 2015-ին տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու լոյսին տակ:

«Հակառակ անոր որ ընտրական համակարգը ամբողջովին նոր է, բարեփոխումները կ՛առնչուին այնպիսի կարեւոր հարցերու, ինչպէս` ընտրողներու ցանկերու ճշգրտութիւնը, որ նախապէս եւս շեշտուած է ԵԱՀԿ-ԺՀՄԻԳ-ի եւ Վենետիկի յանձնաժողովի առաջարկներուն մէջ:

«Կարեւոր է, որ 25 Մայիս 2016-ին նոր Ընտրական օրէնսգիրքի ընդունումը տեղի ունեցած է զգալի մեծամասնութեամբ, անոր յաջորդած է իշխող եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութիւնը` ընդլայնելու ժողովրդավարական ընտրութիւններուն համար անհրաժեշտ նախապայմանները (տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան 2016-ի աշնան, իսկ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2017-ի գարնան):

«Քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւնները եւս կառուցողական կերպով ներգրաւուած են բանակցութիւններուն մէջ` հակառակ անոր որ ի վերջոյ չեն ստորագրած վերջնական համաձայնագիրը: Անիկա ստեղծած է հիմք, որպէսզի խորհրդարանը 30  Յունիսին ընդունի Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնները, որոնք մասնաւորապէս կ՛առնչուէին ընտրական հոլովոյթի վերահսկման մէջ նոր արհեստագիտութեան միջոցներու ներդրման` այն պայմանով, եթէ ապահովուի համապատասխան ֆինանսաւորումը:

«Այս փոփոխութիւնները կրնան նկատուիլ իբրեւ նոր ընտրական համակարգի եւ ընթացակարգերու նկատմամբ հանրային վստահութեան բարձրացումը աւելցնելու միջոցներ: Այս իրավիճակը ցոյց կու տայ ինչպէս իշխող մեծամասնութեան, այնպէս ալ ընդդիմութեան կառուցողական մօտեցումը, ինչ որ կրնայ խթանել նոր Ընտրական օրէնսգիրքի կենսագործումը:

«Վենետիկի յանձնաժողովը եւ ԵԱՀԿ-ԺՀՄԻԳ-ը իրենց աջակցութիւնը յայտնած են փոխզիջումային այս ոգիին եւ կ՛ուզեն, որ անիկա տիրէ նաեւ Ընտրական օրէնսգիրքի իրականացման եւ 2016-ի աշնան նոր Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի ընտրութեան ատեն», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:

Քաղուած Ազդակէն








All the contents on this site are copyrighted ©.