2016-08-23 11:13:00

ԱՅՍՔԱՆ ՉԱՐԻՔ՝ ԻՆՉՈ՞Ւ…


Հաւատացեալներէն եւ աստուածաբաններէն շատեր կ’ընդունին, թէ մեղքը ստեղծեց վիշտը եւ նեղութիւնը։ Այո, կարծիք մըն է, սակայն ոչ ամբողջական, այլ թերի, ինչպէս բոլոր վարկածները։ Մեղքը անողոք ամէն սրտէ կը բխի քանդելով զայն հիմքէն եւ յանձնելով տուայտանքի յորձանուտին։

Այո, բարեկամներս, մեղքն է պատճառը անհատի եւ ժողովուրդներու կործանումին, որուն տակ մարդկութիւնը ըմբոստանալով կը հեծէ։  Մեղքը ժխտումն է դրական ամէն արարքի. Յստակ ըլլանք, ամէն դրական արարքի ժխտումն է մեղքը, սակայն երբ կ’ըսեմ «Մի՛ սպաններ», հոս ձեւը ժխտական է, սակայն իմաստը դրական է։ Մեղքը՝ բնութեամբ, նախատինքն է բարի բարձր Էակին։

Սուրբ Օգոստինոս բարեբախտ համարեց Նախահօր մեղքը, որովհետեւ ան իջեցուց Միածին Որդին երկիր եւ մարդերը սրբացուց։ Եթէ յաջողեցանք մեղքը մեր  սրտերէն ջնջել, այն ատեն փակած կ’ըլլանք ընդմիշտ ակը չարութեան եւ տառապանքի։ Նմանելով Քրիստոսի, անարդարօրէն դատապարտեալին, պիտի ուզէինք իբր ապաշխարանք ուրիշ մարդերու փրկութեան, մենք եւս,  բարեկամներ, տառապիլ։  Միայն արդարին չարչարանքով, անարդարին չարութիւնը կը քաւուի։  Աստուծոյ որդիին ազատակամ չարչարանքով անարդարութեան ճնշիչ բեռը կը թեթեւնայ եւ հնարաւոր կ’ըլլայ խոր ըմբռնումը մեղքի եւ բարիքի, ցաւի եւ երախտիքի։

Դիտեցէք պայծառօրէն մտքերը, որոնք կրնան որոշ չափով պատասխանել հարցումին.- «Ինչո՞ւ  կայ այսքան տառապանք»։

ԱՆՄԵՂԻՆ ՏԱՌԱՊԱՆՔԸ

Սակայն, կան շատեր, որոնք չեն հաւատար, կամ չեն ուզեր հաւատլ, ո՛չ մարգարէի, ո՛չ Պուտտայի, ո՛չ աստուածաբան փիլիսոփաներու, ո՛չ Քրիստոսի եւ ո՛չ իսկ Ամենակալ Աստուծոյ, կը յանդգնին դիմացդ ելլել։ Ինչո՞ւ այնքան չարիք…։ Այո՛, այս հարցը խորհուրդ է մարդկային էութեան, հարցում մը ծանրաբեռնող մեր էութեան ամենախոր ծուծը։ Սակայն, դեռ կայ տակաւին ճամբայ մը, որմէ ամէն ինչ կը բխի, որուն առջեւ շատեր զինաթափ եղած են, որ մեր մէջ կը գործէ եւ մեզ կը բանեցնէ։  Ով որ բանականութիւն ունի դատապարտուած  է անոր։

Իսկ մանուկնե՞րը…։ Երանի մանուկներուն, ո՛չ հոգ ունին, ո՛չ փոյթ, կ’ապրին, կը շնչեն, իսկական իմաստով ազատ եւ արձակ։ Այս ճամբան է ազատութիւնը, աշխարհէն եւ աշխարհակործան ազատութեան։ Ան է մեր երկինքը ցնծութեան։ Ան է մեր դժոխքը տառապանքի։ Ազատութեան թեւերով կը ճախրես բարձունքէ քարձունք, կատարէ կատար։ Միեւնոյն թեւերով կը մխրճուիս անդունդէ անդունդ, վիհէ վիհ՝ թաւագլոր։

Ազատութեանդ կամաւոր ժպիտով՝ սրտեր կ’ուրախանան, շրթունքներ կը ծիծաղին։  Քու ազատութեամբդ կրնաս դուն քեզ տրորել եւ ոչնչացնել։ Եւ քու ազատութեամբդ կրնաս բարիք ընել եւ չարիք գործել։

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.