2016-08-23 09:20:00

«ԵՄ կրնայ ջնջել մուտքի արտօնագիրի դրութիւնը,եթէ Անգարա կատարէ միութեան պահանջները»


«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ժան Քլոտ Եունքեր յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ թուրք քաղաքացիներուն համար 1 հոկտեմբերէն ջնջել միտքի արտօնագիրի դրութիւնը, եթէ Անգարա կատարէ բոլոր անհրաժեշտ պայմանները, ներառեալ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերող օրէնսդրութեան փոփոխութիւնը:

«Ազատ մուտքի արտօնագիրի դրութիւնը կրնայ սահմանուիլ 1 հոկտեմբերին, եթէ միայն բոլոր պահանջները կատարուին, ահաբեկչութեան օրէնսդրութիւնը չի կրնար կիրարկուիլ մտաւորականները, զօրավարները, լրագրողները եւ գիտնականները բանտ նստեցնելու համար», ըսած է ան:

Եունքեր աւելցուցած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Եւրոպական Միութեան պահանջները չկատարելու պարագային երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «ստիպուած պիտի ըլլայ բացատրել բնակչութեան, թէ ինչո՛ւ թուրք ժողովուրդը չի կրնար ազատօրէն մեկնիլ Եւրոպա»:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

 








All the contents on this site are copyrighted ©.