(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 22 օգոստոս 2016-ին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փարոլին յանուն Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիր յղեց Իտալիոյ Թորրէ Փելլչէ շրջանին մէջ գումարուող Վալտեզ եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի մասնակիցներուն, որուն մէջ յայտնեց Նորին Սբրոթեան եղբայրական ողջոյնները ի նշան հոգեւոր մօտիկութեան, ապահովեցուց Ֆրանչիսկոս Պապի աղօթքը, որպէսզի Աստուած շնորդէ անկեղծ սրտով ընթանալու պարգեւը՝ դէպի կատարեալ միութիւն , արդիւնաւէտ կերպով Քրիստոսը վկայելու համար բովանդակ մարդկութեան ,ինչպէս նաեւ շնորհքը միասնաբար ընթանալու դէպի այր մայրոց ու կիներու, փոխանցելու համար անոնց՝ Աւետարանի սիրտը։
Կարդինալ Փարոլին հեռագիրին մէջ յայտնած է Ֆրանչիսկսո Պապի մաղթանքը, որ կաթողիկէներու եւ վալտեզներու միջեւ տարբերութիւնները արգելք չի հանդիսանան համագործակցութեան նոր ձեւեր գտնելու համար՝ Աւետարանցման ,աղքատներու ծառայութեան, հիւանդներուն , փախստականներուն ինչպէս նաեւ արարչութեան պահպանման շրջագիծէն նես։
Հեռագիրին աւարտին Կարդինալ Փարոլին գրած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Հոգիին օգնութիւնը կը հայցէ, ապրելու համար հաղորդութեան մէջ, զոր կը կանխէ որեւէ հակառակութիւն , եւ ստանալու համար Տիրոջ ողորմածութիւնն ու խաղաղութիւնը։
All the contents on this site are copyrighted ©. |