2016-08-22 18:13:00

Արհիապատիւ Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան օրհնեց Քեսապի Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ նոր զանգակները


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 21 օգոստոս 2016-ին, Պէյրութի թեմի Օգնական Եպիսկոպոս Արհիապատիւ  Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան հովուական այցելութեամբ ժամանեց Քեսապ, եւ որուն ծիրէն  ներս, Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ եւ ապա կատարեց  Եկեղեցւոյ նոր զանգակներուն օրհնութեան կարգը։ Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ  Սրբազան հայրը անդրադառնալով եկեղեցւոյ նոր զանգակներուն  ըսաւ. ՝՝Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ զանգակները պիտի շարունակեն աւելի ուժգին հնչել հրաւիրելու համար  հաւատացեալ ժողովուրդը,  հանդիպելու Աստուծոյ եւ  Անոր հետ  զրուցելու Սուրբ Միքայէլի եւ Աստուածամօր  բարեխօսութեամբ՝՝։

Ստորեւ  ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք  Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս  Ասատարուեանին արտասանած  քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.