2016-08-20 10:49:00

Քահանայապետի ամարանոցը բաց է այցելուներու


(Ռատիօ Վատիկան) Քասթել Կանտոլֆօ, քահանայապետի ամարանոցը իր պարտէզներով եւ ագարակով կը բովանդակէ 55 հեքթար։ Ամարանոցի որոշ բաժիններ բացուած են այցելուներու դիմաց։ «Քահանայապետը մարդոց նուէր մը ըրաւ» ըսած է Օսվալտօ Ճանոլի, այսպէս կոչուած «Քահանայապետական Վիլլաներ»ու տնօրէնը։
Ամարանոցը կառուցուած է Հռոմ քաղաքէն մօտ 25 քմ հեռաւորութեան վրայ։ Նախաձեռնութիւնը եկած է Ուրբանոս Ը. Քահանայապետի կողմէ (1623-44)։ Ուրբանոս սկսած է այնտեղ բնակիլ 1626 թուականին։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, ամառնային շրջանին կը նախընտրէ մնալ Հռոմ, մինչ Պենեդիկտոս ԺԶ. Վաստակաւոր Քահանայապետ, Ֆրանչիսկոս Պապի հրաւէրով, երբեմն կ᾿այցելէ այնտեղ։ «Կը սիրէ աղօթել եւ ձուկերը կերակրել» ըսած է Ճանոլի։ Պենեդիկտոս Պապի սիրած անկիւնը «Ճարտինօ տելլա Մատոննինա»ն է (Աստուածածնի Պարտէզը), ուր նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը սիրով կը քաշուէր աղօթելու համար։
Ամարանոցի պարտէզներու եւ այգիներու այցելութիւնը մօտ երկու ժամուան տեւողութիւն ունի։ Այնտեղ կարելի է զմայլիլ բուսականութեան հարստութեամբ եւ գեղեցկութեամբ, եւ միաժամանակ ծանօթանալ անցեալի Քահանայապետներու հետ առընչուած դրուագներու։
Ամարանոցը ունի 30 աշխատակիցներ, որոնք հոգ կը տանին պարտէզներուն եւ ագարակին, որ կառուցել տուած է Պիոս ԺԱ. Քահանայապետը, 1930 թուականին։
 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.