2016-08-20 10:08:00

Կարդինալ Փարոլին բացումը կը կատարէ Ալպինօ Լուչիանի անուան թանգարանին։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ինչպէս ամէն տարի, 26 օգոստոսին, Իտալիոյ Պելլունօ քաղաքին մէջ յատուկ արարողութեամբ կը նշուի Յովհաննէս Պօղոս Ա. Քահանայապետի գահակալութեան յիշատակը ։ 

Այս տարի, երջանկայիշատակ Ալպինօ Լուչիանի Պապի յիշատակին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝  կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Յովհաննէս Պօղոս Ա. Պապի ծննդավայրին մէջ  բացում  պիտի կատարէ Ալպինօ Լուչիանի անուան թանգարանին։

Թանգարանին բացման  ծիրէն ներս, Կարդինալ Փարոլին պիտի նախագահէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեան, առընթերակայութեամբ Պելլունոյի թեմի եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Ռենաթօ Մարանկոնիի, եւ թեմի երբեմնի եպիսկոպոս Գերապայծաղ Ճուզեփփէ Անտրիչի։

Ալպինօ Լուչիանի անուան թանգարանին նպատակն է ճանչցնել Յովհաննէս Պօղոս Ա. Պապի կեանքը, կազմաւորումը, մշակութային պատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր ուսուցումը։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.