2016-08-20 10:12:00

Արժանթինի եպիսկոպոսաց դասի կոչը՝ մանուկներու օրուան առթիւ


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 21 օգոստոս 2016-ին, Արժանթինի մէջ կը նշուի մանուկներու օրը։ Այս առնչութեամբ, Արժանթինի եպիսկոպոսաց յանձնախումբի ընկերային հովուական բաժանմունքի նախագահը Գերապածառ Լոզանօ, հրապարակած է յօդուած մը, որուն մէջ ընդգծած է մանուկներու առաջնահերթ կարքիները՝ խնամք, ուշադրութիւն, քաջալերանք , դաստիարակութիւն ինչպէս նաեւ առողջ սննդարարութիւն։

Գերապայծառ Լոզանօ հրաւէր ուղղած է Արժանթինի բովանդակ ընկերութեան, ուշադրութեամբ վարուելու մանուկներուն հետ, որովհետեւ անոնք ոչ միայն ապագան են այլ՝ նաեւ ներկան։

Արժանթինի եպիսկոպոսաց յանձնախումբի ընկերային բաժանմունքի նախագահը կարեւոր նկատած է մանուկներուն ուսուցանել հիմնական արժէքները, յայտնելով՝ թէ Մանուկներու խնամքը չի կայանար միայն նիւթական կարիքներու հոգածութեան մէջ, այլեւ՝ պէտք է անոնց փոխանցել բարոյական հիմնական արժէքները. սորվիլ ճշմարտութիւն ըսել, ունկնդրել եւ երկխօսութիւն կատարել։ Իսկ հոգեւոր գետնի վրայ՝ Գերապայծառը հրամայական նկատած է աղօթքը, եւ այս ուղղութեամբ յորդոր ուղղած է ծնողներուն՝ աղօթք սովեցնելու իրենց զաւակներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.