2016-08-20 10:56:00

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելած է Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարան


Օգոստոս 17-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայրապետական այցով մեկնած է Հնդկաստանի Հանրապետութիւն` Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարան:

Ճեմարանին մէջ այժմ կ՝ուսանի 55 սան Հայաստանէն, Իրաքէն եւ Իրանէն:

Մայր Աթոռ Սրբ. Էջմիածինէն կը յայտնեն, որ տեղի ունեցած է հանդիսութիւն եւ ընդունելութիւն. հանդիսութիւնը սկսած է Տէրունական աղօթքով, ապա հնչած են Հնդկաստանի, Հայաստանի եւ ճեմարանի օրհներգերը:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկած է հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ եւ Հայոց Մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Հոգեշնորհ Տ. Մովսէս աբեղայ Սարգսեան` ճեմարանի նկատմամբ դրսեւորուող մշտական ուշադրութեան եւ հոգատար վերաբերմունքին համար տեսչութեան, դասախօսական կազմին եւ աշակերտութեան անունով խորին երախտագիտութիւն յայտնելով Հայոց Հայրապետին: Հայր Մովսէսը տեղեկութիւններ փոխանցած է նաեւ 1821-ին հիմնադրուած եւ Սփիւռքի մէջ ցայսօր գործող ամենահին կրթօճախին գործունէութեան եւ աշակերտներուն ունեցած յաջողութիւններուն մասին:

Ցերեկոյթին ընթացքին ճեմարանի սաները հանդէս եկած են ազգային երգ ու պարով եւ գեղեցիկ բեմականացումով:

Հանդիսութեան աւարտին իր օրհնութեան խօսքը ներկաներուն ուղղած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Վեհափառ Հայրապետը մասնաւոր իր գնահատանքը յայտնած է հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ եւ ճեմարանի կառավարիչ Հայր Մովսէսին, Կալկաթայի Ս. Նազարէթ եկեղեցւոյ վարչութեան անդամներուն, ճեմարանի տեսչական կազմին, ուսուցիչներուն եւ սաներուն` գոհունակութեամբ ընդգծելով հայրապետական նախորդ այցելութենէն ետք ճեմարանի կեանքին մէջ արձանագրուած յառաջընթացն ու ձեռքբերումները:

Նորին Սրբութիւնը մեծապէս կարեւոր համարած է պատմական կրթական հաստատութեան առաքելութիւնը մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ` յորդորելով նոյն նախանձախնդրութեամբ եւ ջանադրութեամբ շարունակել կերտել փառքը Հայոց Մարդասիրական ճեմարանին եւ ազգին պարգեւել հայրենասէր ու եկեղեցանուէր հայորդիներ:

Օգոստոս 18-ին Գարեգին Բ Հայրապետը հանդիպումներ ու առանձնազրոյցներ ունեցած է Ճեմարանի տեսչութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ: Նորին Սրբութեան մասնաւոր թելադրութիւնն էր` ամէն ջանք գործադրել ճեմարանի կրթական մակարդակը ամենաբարձր աստիճանին հասցնելու համար:

Նոյն օրը Նորին Սրբութիւնը մտերմիկ ու երկար հանդիպում ունեցած է աշակերտներուն հետ` զրուցելով անոնց առօրեայէն, կրթական գործընթացէն եւ յուզող խնդիրներէն: Վեհափառը պատանիները յորդորած է առաւել ջանասիրութեամբ գիտելիքներ ամբարել եւ հաւատարիմ մնալ իրենց հայրենի աւանդներուն` ազգի արժանաւոր զաւակներ դառնալու համար:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ուղեկցութեամբ ճեմարանի կառավարիչ Հայր Սուրբին եւ կառավարիչի օգնական Բարեշնորհ Վարազդատ սարկաւագ Քոչարեանին, շրջած է ու մանրամասն ծանօթացած ճեմարանի եւ սաներու կեցութեան պայմաններուն` անհրաժեշտ ցուցումներ տալով զանոնք առաւել բարւոք դարձնելու համար:

Այցի օրերուն Նորին Սրբութեան ուղեկցած են Կալկաթայի Ս. Նազարէթ եկեղեցւոյ վարչութեան աւագ անդամներ տիար Սունիլ Սոպթին եւ տիկին Սիւզան Ռուբէնը:

Քաղուած Եռագոյնէն 








All the contents on this site are copyrighted ©.