2016-08-20 11:29:00

65 միլիոն մարդ փախստական եւ օգնութեան կարօտ


(Ռատիօ Վատիկան) Մարդկայնական Օգնութեան Միջազգային օրուան առիթով, օգոստոս 19ին, մարդասիրական օգնութիւնները կոչ ուղղած են բազմապատկեալ օգնութեան եւ կը զգուշացնեն կարօտեալներու հանդէպ միշտ աճող անտարբերութենէ։
Օգնութիւնները պէտք է կատարուին այն տեղ ուր կը կատարուին հակամարտութիւնները։ Սա իմաստ ունի անշուշտ միայն միջազգային տագնապի եւ խաղաղութեան քաղաքականութեան մը համադրումով, ըսած է Կէորկ Մաթուշքովից, Աւստրիոյ Քարիթասի Միջազգային Ծրագիրներու ղեկավար։ Ան ուժեղ կերպով քննադատած է մեծ պետութիւնները, որոնք անհատական շահերու համար կ᾿արգելակեն հակամարտութիւններու լուծումը, ըլլայ Սուրիոյ, կամ Ուքրանիայի կամ Հարաւային Սուտանի մէջ։ Արդէն հինգ միլիոն սուրիացիներ արտասահմանի մէջ են, յատկապէս դրացի երկիրներու մէջ։ Իսկ Սուրիոյ մէջ 6,6 միլիոն մարդ փախուստի վրայ է, մինչ 13,5 միլիոն օգնութեան կարիքն ունին։
Տիաքոնի, բողոքական մարդասիրական կազմակերպութեան տնօրէն Միխայէլ Չալուփքա աւելցուցած է, թէ պէտք չէ մոռնալ անհատներ, եւ տարուիլ միայն օրուան զգայացունց լուրերէն։ «Մեծագոյն ողբերգութիւնը՝ մոռացումն է» ըսած է ան։
Քարիթասը, որ 2011 թուականէն սկսեալ սուրիացի փախստականներու հոգ կը տանի, ցարդ 12,7 միլիոն եւրոյի ծախս ըրած է, նպաստ հասցնելով 130000 անհատներու, որոնց կարգին յատկապէս մանուկներ։ Այդ օգնութիւնները կատարուած են Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Յորդանանի տարածքին։
Նոյնպէս մեծաքանակ օգնութիւններ հասած են Ուքրանիայի, յատկապէս արեւելեան շրջանի մէջ տիրող վիճակին պատճառով։
Տիաքոնի, բողոքական մարդասիրական կազմակերպութիւնը, փախստականներու կարիքներ հոգացած է նաեւ եւրոպական երկիրներու մէջ, ինչպէս Յունաստան եւ Սերպիա։
Մարդասիրական բոլոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները շեշտած են, թէ օգնութիւնները պէտք է ծրագրուին երկար ժամանակի համար, եւ ունենան որոշ կայունութիւն։ Այս ուղղութեամբ ՄԱԿի մէջ անցեալ տարուան աշնան դրուած ծրագիրները, ըստ որոնց մինչեւ 2030 թուական անօթութիւնը եւ աղքատութիւնը պիտի յաղթահարուին։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը բազմիցս շեշտած է «կայուն զարգացման նպատակներ»ու հետապնդումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.