2016-08-19 15:07:00

Ողորմածութիւն (ԺԵ)


Նախորդ հաղորդումին մէջ լսեցինք Յովհաննէս Մանդակունի Հայրապետի խօսքերը ողորմութեան մասին, շարունակելով Հայրապետին խրատները կը կարդանք՝ “Արդ, աղքատի եւ տնանկի մասին մտածած կ’ըլլաս, երբ մտաբերես այս ամէնը, քաղցր խօսքերով եւ գթալիր ողորմելով՝ մխիթարես կարօտեալները, հեծես եւ հոգոց հանես անոնց համար։ Մարգարէն երանի կու տայ այդպիսիներուն, անոնց, որոնք այդպիսի գութով եւ խղճով կʼընդունին աղքատները. չարի օրը անոնք պիտի փրկուին։

Իսկ ո՞րն է անողորմներու եւ մեղաւորներու չար օրը։ Ահեղ դատաստանի Օրն է այդ, երբ երկինքը պիտի սասանի, երկիրը դղրդայ, երբ արեգակը խաւարի, եւ լուսինն ու աստղերը կորսուին, երբ արհաւիրքները զարնեն, եւ ահաւոր սոսկումը սաստկանայ, երբ փողի ձայնը սաստկանայ եւ զարհուրեցնէ, եւ հրեշտակներու ձայները հիացնեն, երբ շարժին զօրութիւնները, իշխանութիւնները եւ պետութիւնները, եւ հրեշտակներու գունդերը երկիր իջնեն, երբ աթոռները իյնան, եւ Քրիստոս Թագաւորը իջած տեսնենք, երբ փառքերու Թագաւորին ահէն սարսափին սերովբեները եւ քերովբեները, երբ ժայռերը պատռուին, եւ գերեզմանները բացուին, բազմահոյլ ննջեցեալները յարութիւն առնեն, անթիւ ողջերը նորոգուին, սուրբերու դասերը ցնծան, արդարներու ժողովները պայծառանան, ամբողջ աշխարհ հաւաքուած՝ կանգնի, եւ հուրը տարածուի ամբողջ տիեզերքի մէջ, այն ժամանակ խաւարային մեգով պատած հրապարակ կը բերեն մեղքերով կապուած եւ անօրինութեամբ շղթայուած մեղաւորները, ծաղրուծանակով եւ անտանելի ամօթով կը ցուցադրեն աշխարհի, ապա կը կանգնեցնեն սոսկալի բեմի, մեծ ու ահաւոր Դատաւորի առջեւ, որուն հուրը կʼայրի, կը տոչորի եւ բորբոքելով կը բարձրանայ, կայծակներու եւ կրակէ հրահոսան գետերու հնոցը, ուր վառած կրակն է, ցած կʼիջնէ, վառուող կայծակները կը տարածուին ներսը, ուր խաւարային գուբերն են, մութ տարտարոսները, չարատանջ գեհենը, դառնաթոյն որդերը, որոնք կը սպառնան եւ պատրաստուած են բոլոր մեղաւորներուն համար՝ վրէժ առնելու վերջին ահեղ Օրը։

Արդ, ա՛յս է մեղաւորներու չար Օրը, որմէ՝ աղքատներուն տուած ողորմութիւնը եւ տնանկներուն գթալը կը փրկեն ողորմած մարդը. անոնց Ինքն իսկ՝ Փրկիչը երանի կու տայ՝ ըսելով. «Երանի ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն» (Մտթ Ե. 7), եւ՝ «Ողորմածութիւնը բարձրագլուխ պարծենալու է դատաստանի ժամանակ։ Քանի որ անողորմ դատաստան պիտի ըլլայ անոր հանդէպ, որ ողորմած չէ եղած» (Յակ Բ. 13)։

Անողորմ են անոր դատախազները, անողորմ են տանջանարանները, անողորմ է հնոցի կրակի այրոցը, անողորմ է տապի խորովելը, անանցանելի եւ անվերջանալի են ահեղ աղէտները եւ չարչարանքները։ Ասոնք են անողորմներու անողորմ դատաստանը եւ անվերջանալի տանջանքները, որոնք ընդունեցաւ նաեւ այն անողորմ  մեծատունը (հմմտ. Ղուկ ԺԶ. 19-26)՝ ահեղ հուրի կիզումը, անվերջանալի տապակումը. որովհետեւ ողորմութիւն չտուաւ քաղցածներուն, մերկերուն եւ հիւանդներուն, անոր փոխարէն ալ անողորմ հատուցումը ստացաւ։

Եւ արդ, այս ամէնը լսելով՝ չյապաղինք ողորմիլ տառապող աղքատներուն, առաւելապէս խեղանդամներուն եւ հիւանդներուն, որբերուն եւ այրիներուն, վշտացողներուն, օտարականներուն, հիւրերուն եւ ծերերուն, բոլոր անհրաժեշտ պէտքերու կարիք ունեցողներուն, որուն միջոցով կարողանան վաստակիլ եւ այս աշխարհի մէջ ապրելու միջոցը ձեռք բերել։ Եթէ աստուածապաշտ ես, անոնց հոգաբարձու եւ վերակացու եղիր. եթէ կ’ուզես մեղքերդ փարատել, կերակրէ´ եւ հագուեցու´ր զանոնք. եթէ կ’ուզես համարձակ երեսով տեսնել Քրիստոս՝ մի´ տրտմեցներ տառապողներու եւ կարօտեալներու երեսները. եթէ կ’ուզես սուրբերու խորանները եւ օթեւանները մտնել եւ ժառանգել անբաւ բարիքները, օթեւան եւ ասպնջական եղիր օտարականներուն, կարօտեալներուն, հիւանդներուն եւ վշտացողներուն, զանոնք հանգստացուր եւ մխիթարէ երկրաւոր պիտոյքներով, որպէսզի նաեւ դուն հանգստանաս եւ վայելես հոգեւոր կերակուրները եւ անանց փափկութիւնը։”

 








All the contents on this site are copyrighted ©.