2016-08-19 12:31:00

Յայտնի է Սրբազան Պապին Վրաստան ճամբորդութեան նշանաբանը


(Ռատիօ Վատիկան) «Խաղաղութիւն ձեզի» կարգախօսով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ,  սեպտեմբեր 30էն մինչեւ հոկտեմբեր 2, պիտի այցելէ Վրաստան ապա Ատրպէյճան։ Վերոնշեալ  երկու բառերը՝ առնուած Յովհաննէսի Աւետարանի 20րդ գլուխէն, նշանաբանին վրայ դրոշմուած են լատիներէն եւ վրացերէն լեզուներով։ Խաղաղութեան նիւթը առնուած է՝ շեշտելու համար այցելութեան զուգադիպումը ողորմածութեան տարւոյն հետ եւ ուղղելու խաղաղութեան կոչ մը աշխարհին եւ յատկապէս Ասիոյ այդ տարածաշրջանին։
Անցեալ յունիսի երեսունին, երբ Սրբազան Պապը կը յայտարարէր իր այս այցելութիւնը յոբելինական ունկնդրութեան ընթացքին, կը ներկայացնէր նաեւ իր նպատակը՝ «մէկ կողմէ արժեւորել քրիստոնէական հին արմատները, որոնք գոյութիւն ունին այդ երկիրներուն մէջ – միշտ երկխօսութիւն կատարելով այլ կրօնքներու հետ – եւ միւս կողմանէ քաջալերել խաղաղութեան յոյսն ու ճանապարհները։» Այցելութեան նշանաբանի վրայ կը տեսնուի խաչ մը, որ կը յիշեցնէ սրբուհի Նունէի խաչը, որ Վրաստանի մէջ քրիստոնէութեան մեծ աւետարանողը եղած է։ Իսկ նշանաբանի գոյները՝ դեղին եւ կարմիր, կը ներկայացնեն Վատիկանի եւ Վրաստանի դրօշներու գոյները։
Վրաստանի այցելութեան ծրագիրը պիտի ընթանայ հետեւեալ կերպով։ Սեպտեմբեր 30ին Սրբազան Պապը կը ժամանէ Թիֆլիս։ Ողջոյնի խօսքէն ետ կէսօրէ ետք ժամը 3ին ան պիտի հանդիպի Վրաստանի նախագահին եւ ապա Պատրիարքական Պալատին մէջ՝ Նորին Սրբութիւն՝ Գերերջանիկ Իլիա Բ.՝ Վրաստանի Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ։
Նոյն օրը հանդիպում մը պիտի կայանայ քաղդէացիներու համայնքին հետ, Սուրբ Սիմոն կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։
Հոկտեմբեր 1ին Սրբազան Պապը Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ Մծխէթի մարզահամալիրին մէջ, եւ ապա պիտի հանդիպի քահանաներու, կրօանաւորներու եւ կրօնաւորուհիներու հետ՝ Համբարձման Եկեղեցւոյ մէջ։ Նախատեսուած է նաեւ  այցելութիւն մը Քամիլիան միաբանութեան կենդրոնին մէջ, ուր կը մատուցուին մարդասիրական ծառայութիւններ։
Հոկտեմbեր 2ին Սրբազան Պապը Թիֆլիսի օդակայանին մէջ հրաժեշտի արարողութենէն ետք պիտի մեկնի Ատրպէյճան։
Սրբազան Պապի կովկասեան երկիրներու այցելութեան առաջին հանգրուանը եղաւ Հայաստանը՝ յունիս 2016-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.