2016-08-19 08:09:00

Թուրքիոյ մէջ մէկ օրուան մէջ երեք ականահարում


Թուրքիոյ մէջ երէկ՝ 18 օգոստոս 2016-ին, մէկ օրուան մէջ տեղի ունեցաւ երեք ականահարում:

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Ճումհուրիյէթ»-ը, կը հաղորդէ, որ Պիթլիս նահանգի Խիզան գիւղին մօտ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներուն դէմ կատարուած գործողութեան ժամանակ ծագած բախումի մը ընթացքին սպաննուած են 6 թուրք զինուորներ եւ 5 ուրիշներ վիրաւորուած են:

Զինուորներուն մեծ մասը սպաննուած է զինուորական ինքնաշարժով Կայտա գիւղէն վերադառնալու ժամանակ ճամբեզրին զետեղուած ականի պայթումին պատճառով:

Թրքական կողմին պնդումով` ականահարումը գործադրուած է ՔԱԿ-ի զինեալներու կողմէ:

Երէկ երկու անջատ պայթումներ տեղի ունեցան Էլազիղ (Խարբերդ) եւ Վան քաղաքներու ոստիկանական բաժանմունքներուն մօտ. սպաննուածներու թիւն է 9-ը, իսկ վիրաւորներունը` 210:

Թրքական լրատուամիջոցներ յայտնած են, որ այդ պայթումներէն մէկը կազմակերպուած էր ՔԱԿ-ի զինեալներուն կողմէ:

Քաղուած Ազդակէն








All the contents on this site are copyrighted ©.