(Ռատիօ Վատիկան) Երկու օրերէ ի վեր Փորթուկալի Մատեյրա կղզին թիրախ դարձած է ուժգին հրդեհներու։ Մինչեւ այսօր, կան առնուազն երեք մեռեալներ եւ կործանուած են հարիւրաւոր բնակարաններ, ու տեղահանուածներու թիւը հետզհետէ կ՝աճի։
Այս տխուր դէպքին ի լուր, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ, զաւակցագիր յղեց Փորթուկաի Ֆունշալ թեմի եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Անթոնիօ Քարրիլհոյի, որուն մէջ իր ցաւակցութիւնը յայտնած է զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն, մօտիկութիւն ու զօրակցութիւն ցուցաբերած է տեղահանուածներու նկատմամբ։
Փորթուկալի եպիսկոպոսին յղած ցաւակցագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ապահովցնեով իր աղօթքը վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինումի համար , երախտագիտութիւնը յայտնած է բոլոր անոնց որոնք կը պայքարին հրդեհները մարելու համար ։
Յայտնենք , թէ Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցագիրը կարդացուեցաւ 15 օգոստոսին, Ֆունշալ թեմի պաշտպան սուրբ՝ Աստուածամօր տօնին առթիւ մատուցուած Սուրբ Պատարագին ընթացքին։
All the contents on this site are copyrighted ©. |