2016-08-17 08:40:00

Ռայի Պատրիարքը մեկնեցաւ Հռոմ


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը , երեքշաբթի, 16 օգոստոսին, մեկնեցաւ Հռոմ: Նախքան իր մեկնումը, ան Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ընկերութիւնը երկփեղկուած է` աւելցնելով, որ այս իրականութեան փաստը այն է, որ այդ ընկերութեան ներկայացուցիչները չեն կրցած նախագահական ընտրութիւն կատարել:

«Հետեւաբար լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է Լիբանանի շահերը աւելի բարձր դասեն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւնը դէպի բնակարան մուտք գործելն է, որմէ ետք է, որ բնակարանի դասաւորումը կը կատարուի` երկրին մնացեալ հարցերը լուծելու առումով», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը ողջունեց լիբանանեան

բանակը, որ երկրին դարպասն է եւ բոլորին զօրակցութեան կարիքը ունի: «Լիբանանեան բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը վստահուած է կառավարութեան, որ պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:

Նշենք, որ երկուշաբթի, 15 օգոստոսին Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որ յայտնեց, թէ Ռայի պատրիարքին կատարած իր այցելութիւնը անոնց միջեւ մնայուն խորհրդակցութեան շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ:

«Մենք մնայուն կերպով կը խորհրդակցինք եւ կը համաձայնինք սրբագրելու նախագահական եւ ընտրական օրէնքին վերաբերող սահմանադրական սխալը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ մասնակի լուծումները այլեւս արդիւնաւէտ չեն:








All the contents on this site are copyrighted ©.