2016-08-17 16:19:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ Անծայրածիր ծովուն մէջ լողալ…


Մէկ գաւաթ ջուրի մէջ խեղդուելու վտանգը, փոխաբերական իմաստով յաճախ կը գործածենք մեր լեզուին մէջ: Սակայն, սոյն գրութեամբ, խորունկ ծովերու մէջ ջրահեղձ ըլլալու երեւոյթին պիտի անդրադառնանք։

Հայոց Ոսկեդարու արարիչ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, ապա յաջորդող դարաշրջաններու շարականագիր վարդապետներ, մայրենի գրաբարին յատուկ հարուստ պերճաբանութեամբ եւ հզօր պատկերներու ներկայացումով, այս աշխարհը նմանցուցած են անծայրածիր ծովու: Այս ծովուն մէջ նաւելու, լողալու, ընկղմելու, խեղդուելու կամ անկէ ազատուելու պատկերներով հարուստ են շարականներու բանաստեղծական յօրինումները։

Աւետարանի էջերուն մէջ ալ, հաւատքի տկարութեան նշան իբրեւ ներկայացուած է Պետրոս Առաքեալի խեղդուելուն վտանգը: Ան, երբ Գալիլիոյ ծովակի ջուրերուն վրայէն քալող իր Տէրը տեսաւ եւ ուզեց նաւակէն իջնելով Անոր քով երթալ, Տէրը հրամայեց իրեն մօտ գալ: Իսկապէ՛ս, երբ ան սկսաւ քալելու ջուրերուն վրայէն Յիսուսի հրահանգով, յանկարծ կասկածը պատեց իր հոգին ու միտքը եւ սկսաւ ընկղմելու: Յիսուս անոր ձեռքէն բռնելով ըսաւ. «Թերահաւա՛տ, ինչո՞ւ վախցար», (Մտ 14.31):

Ողիմպիական խաղերը չորս տարին անգամ մը համաշխարհային մակարդակով կը զբաղեցնեն մարզաշխարհի եւ ընդհանրապէս միջազգային լրատուութեան կարեւոր լուրերու սիւնակները: Պահ մը այնպէս կը թուի մարդկութեան, թէ աշխարհի բոլոր հարցերը՝ պատերազմական, ապահովական, տնտեսական, համաճարակներու, սովերու եւ աղքատութեան, լուծուած են, եւ միայն մնացեր է մարզախաղերու առաջնութեան խնդիրը:

Լողալը շատերու համար ո՛չ միայն լաւագոյն մարզաձեւն է, այլեւ՝ սոյն մարզաձեւերու մրցոյթներուն ամէնէն հետաքրքրականը: Որքա՛ն հաճոյքով մարդ կը նայի այն արագութեան, զոր ջուր մտնելէ ետք յանկարծ կը հաւաքեն լողորդները: Վստահաբար, որքա՜ն փորձեր կատարած են անոնք նախապէս, նոյնիսկ իրենց կանուխ տարիքէն սկսեալ, ջուրի ծանրութեան մէջ հասնելու համար այսպիսի՛ արագութեան:

Փոխաբերական «ծովուն»՝ այս աշխարհին մէջ, բոլոր մարդիկ «նետուած» են իրենց սեփական ուժերով լողալու եւ ափ ելլելու համար: Ալիքները անսպասելի կրնան բարձրանալ լողացողներուն դիմաց: Շատեր այս ալիքներէն կը տարուին աջ ու ձախ՝ չկարենալով դիմադրել անոնց ստեղծած ուժեղ հոսանքին: Ուրիշներ կը «ծեծուին» ծովու ալիքներու ուժգին հարուածներէն: Իսկ դժբախտագոյն պարագաները կ՛արձանագրուին այն պահուն, երբ ոմանց թեւերուն ուժերը չե՛ն բաւեր պայքարելու հսկայ ալիքներուն դէմ, եւ ջրամոյն կը դառնան՝ կորսուելով խորունկ ծովերու մութ անդունդներուն մէջ:

Ինչպէս սովորական ծովու ջուրերուն մէջ լաւ լողալու համար առաջին դասը ինքնավստահութեան ներշնչումն է ենթակային, նոյնպէս ալ աշխարհի ծովուն մէջ կարենալ լողալու առաջին դասաւանդութիւնը կը սկսի ինքավստահութիւնը ներկայացնելու նիւթով: Լաւ լողալ կարենալու համար, կարեւոր է ինքնավստահութիւնը:

Կեանքի բոլոր տեսակի գործերուն մէջ, զանազան ասպարէզներու պարագային, ինքնավստահութիւնը առաջնահերթ պայման է: Նոյնիսկ նիւթական դրամագլուխէն աւելի՛ էական է ինքնավստահութեան դրամագլուխը, որ կրնա՛յ նիւթական դրամագլուխ ապահովել:

Աշխարհի մէջ յաջողակ ըլլալու համար, պէ՛տք է ինքնավստահ ըլլանք: Սակայն, պէտք չէ մտահան ընենք, թէ «ծովը» հնարաւորութիւն ունի մէկ կողմէ վիթխարի ալիքներ արտաբերելու իր մակերեսին վրայ, իսկ միւս կողմէ՝ խորախորհուրդ անդունդներու մէջ ընկղմելու տկարները:

Սակայն, որքա՛ն ալ լաւ լողորդ ըլլայ մարդ, խեղդուելու վախը միշտ կայ… Մինչեւ այսօր, բազմաթի՜ւ ինքնավստահ լողորդներ ծովու ալիքներու աղեյոյզ ջուրերուն մէջ մաշեր են ու փճացեր. ծովը չէ՛ խնայած անոնց կեանքը ու իր ջուրերը դարձուցած է անյայտ գերեզման այդ քաջարի լողորդներուն համար։

Մեր ինքնավստահութիւնը պէտք է հովանաւորուած ըլլայ Աստուծոյ զօրութեամբ: Այլապէս՝ մարդկային մեր կարողութիւնները չե՛ն կրնար հովանաւոր դառնալ իւրաքանչիւրիս ինքնավստահութեան, որովհետեւ աշխարհի ալեծուփ ծովուն մէջ լողալու մեր փորձառութիւնը մի՛շտ իր դիմաց ունի խեղդուելու վախը:








All the contents on this site are copyrighted ©.