2016-08-13 11:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Յովհաննէս ԻԳ. Քահանայապետի անուան հասարակութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան)Ողորմածութեան  Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 12 օգոստոս 2016-ին՝ երեկոյեան ժամը հինգին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Հռոմ քաղաքին մէջ այցելեց  Յովհաննէս ԻԳ. Քահանայապետի անուան հասարակութիւնը, որ հիմնուած է Օրեսթէ Պենծիի կողմէ։ Սրբազան Պապը այնտեղ  հանդիպեցաւ  քսան կիներու, որոնք ազատագրուած են պոռնկութեան ստրկութենէն։ Անոնցմէ վեցը կու գան Ռումանիայէն, չորսը Ալպանիայէն, եօթը Նիկերիայէն եւ երեքը Թունիզէն, Իտալիայէն եւ Ուքրանիայէն։ Անոնց միջին տարիքն է երեսուն։ Անոնք բոլորն ալ ենթարկուած էին ֆիզիկական ծանր բռնութիւններու, եւ կ᾿ապրին պաշտպանութեան տակ։ Սրբազան Պապը ընդունած են հասարակութեան ընդհանուր պատասխանատուն,  հասարակութեան հոգեւոր հայրը՝ Հայր Ալտոն, եւ այլ աշխատակիցներ։
Այս առնչութեամբ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը  նշեց, թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի այցելութիւնը այլ կոչ մըն է ուղղուած մարդոց խղճին, պայքարելու համար մարդկային էակի խոշտանգումին դէմ։ Սրբազան Պապը բազմիցս զայն պախարակած էր, զայն որակելով իբր «ոճիր մարդկութեան դէմ եւ համաճարակ մարդկութեան մարմնին մէջ, համաճարակ Քրիստոսի մարմնին մէջ։»

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այս արարքը կը համընկնի «Ողորմածութեան Ուրբաթ»ի հետ, որ մաս կը կազմէ Ողորմածութեան Յոբելինական Տարւոյն։ Յունուարին Սրբազան Պապը այցելած էր ծերերու ինչպէս նաեւ ծանր հիւանդներու հանգստեան կենդրոններ։ Փետրուարին հանդիպում ունեցած էր թմրամոլներու բուժման վայրի մը մէջ։ Մարտին, Աւագ Հինգշաբթի օր, գտնուած էր գաղթականներու կենդրոնի մը մէջ։ Մայիսին այցելած էր հասարակութիւն մը, ուր կը խնամուին անհատներ մտային ծանր անկարութեան մէջ։ Յունիսին,  Ֆրանչիսկոս Պապ այց կատարած էր երկու կենդրոններու, ուր կը մնան ծեր եւ հիւանդ քահանաներ։ Ուրբաթ, 29 յուլիսին, Լեհաստան կատարած իր այցելութեան առիթով, Սրբազան Պապը կատարած էր «Ողորմածութեան Ուրբաթը», լուռ աղօթելով Աուշվից-Պիրքընաուի մէջ, ապա այցելած էր մանկական հիւանդանոց մը Քրաքովիայի մէջ, եւ կատարած էր Խաչի Ճանապարհը, Երիտասարդներու Միջազգային օրուան առիթով հոն ժամանած երիտասարդներուն հետ, ուր ներկայ գտնուած են իրաքցի եւ սուրիացի երիտասարդներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.