2016-08-13 11:17:00

Հրաժեշտի խարոյկը այս անգամ վառեցաւ «Արի տուն» ծրագրի 120 երիտասարդներու համար


Օգոստոսի 12-ին Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագրի վեցերորդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցին նախարարութեան աշխատակիցներ, հիւրեր:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի անունով «Արի տուն» ծրագրի մասնակիցները ողջունեց համահայկական ծրագրերու վարչութեան աշխատակից Լաուրա Աւետիսեանը:

Արիտունցիները հանդէս եկան համերգային գեղեցիկ ծրագիրով, զոր պատրաստած էին ճամբարային օրերու ընթացքին:

Ցուցադրուեցան նաեւ երեխաներու ձեռքով քանդակուած խաչքարերը եւ մանրանկարչական էսքիզները: Խաչքարի փորագրութեան արդէն աւանդական դարձած դասընթացները կ’իրականացնէ քանդակագործ Գարիկ Յովհաննիսեանը: Ճամբարային օրերու ընթացքին ան արիտունցիներուն կը սորվեցնէ խաչքարի փորագրութեան արուեստը, կը ծանօթացն՝ հայ մանրանկարչութեան գաղտնիքներուն: Եւ իբրեւ արդիւնք կը ծնին շատ իւրօրինակ աշխատանքներ:

Նշենք, որ ծրագրի վեցերորդ փուլին կը մասցնակցին 120 պատանիներ ու աղջիկներ աշխարհի 18 երկիրներէ՝ Ռուսիա, Ուքրանիա, Էստոնիա, Լիտվա, Վրաստան, Աբխազիա, Գանատա, Ֆրանսա, Իռլանդա,  Սպանիայ, Անգլիա, Գերմանիա, Յունաստան, Պելճիքա, Իրաք, Քոււէյթ, Իրան, Սուրիա:








All the contents on this site are copyrighted ©.