2016-08-13 10:11:00

Թայլանտի վեց նահանգներու մէջ մէկ օրուան մէջ առնուազն 14 պայթում


ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ուրբաթ 12 օգոստոս 2016-ին, Թայլանտի վեց նահանգներու մէջ մէկ օրուան մէջ արձանագրուած են 14 պայթումներ, որոնց պատճառով արձանագրուած են 4 զոհ եւ 27 վիրաւոր:

Ականահարումներու թիրախ դարձած են Փհուքեթ եւ Հուախին զբօսաշրջական մեծ կեդրոնները, ինչպէս նաեւ Թրանկի, Սուրաթհանի, Փհանկնկա, Չումփոն նահանգները: «Շարք մը հրկիզումներ արձանագրուած են նաեւ Քրապի եւ Նաքհոնսիթհամարաթ նահանգներուն մէջ: Առայժմ յայտնի չէ, թէ արդեօք այս իրադարձութիւնները իրարու կապուա՞ծ են, սակայն մենք չենք բացառեր այդ կարելիութիւնը», յայտնած է Թայլանտի ոստիկանութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ գնդապետ Քրիսան Փհաթհանաչարեն:

Աւելի բարդ կացութիւն ստեղծուած է Հուախին առողջարանային քաղաքին մէջ, ուր արձանագրուած է երկու զոհ եւ վիրաւորուած 20 ուրիշներ, որոնցմէ 10-ն` օտարահպատակ զբօսաշրջիկներ: Ապահովական մարմինները քաղաքի տարածքին յայտնաբերած են քանի մը պայթուցիկ սարքեր, որոնք չեն գործած:

Զբօսաշրջիկներու մօտ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող Փհուքեթ կղզիին վրայ առաւօտեան երեք պայթում արձանագրուած է: Անոնցմէ մէկը տեղի ունեցած է տեղական ոստիկանութեան շէնքի մօտ, երկրորդը` լողափի գօտիէն ոչ հեռու, երրորդը` «Քոքոնաթ Վիլէյճ» պանդոկին մօտ: Ոստիկանութեան հաղորդումին համաձայն, յաւելեալ երկու պայթուցիկ սարքեր վնասազերծուած են:

Թայլանտի ոստիկանութիւնը կը բացառէ միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու մասնակցութիւնը թագաւորութեան տարածքին գործուած պայթումներուն: «Կացութիւնը միջազգային ահաբեկչութեան հետ առնչութիւն չունի: Ասիկա տեղական խափանարարութիւն է, որուն նպատակն է վնասել զբօսաշրջութեան մարզին», ըսած է Քրիսան Փհանթհանաչարեն: Ան նաեւ յայտարարած է, որ ապահովական մարմինները արդէն ձերբակալած են պայթումններո կազմակերպումին մէջ կասկածուող քանի մը անձեր:

Քաղուած Ազդակէն








All the contents on this site are copyrighted ©.