2016-08-13 10:39:00

Էրպիլ քաղաքը կը ցնծայ իր նորօծ երեք քահանաներով.Քրիստոսի վկաները գաղթականներուն մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Իրաքի Էրպիլ քաղաքէն հազարաւոր քրիստոնեայ ընտանիքներուն բռնի տեղահանութենէն երկու տարի վերջ, 5 օգոստոս 2016-ին,  երեք երիտասարդներ , Էրպիլի գաղթավայրին  մէջ ստացան Քահանայական  ձեռնադրութիւն։ Նորօծ երեք քահանաները ՝Հայր Սալիմ Մոմիքա, Հայր Իմատ եւ Հայր Պետրոս  կը պատկանին Ասորի հասարակութեան։

Ասիա նիւզ լրատու գործակալութեան համաձայն, քահանայական ձեռնադրութեան արարողութեան մասնակցած են առնուազն 1500 մարդ, որ տեղի ունեցած է անցեալ 5 օգոստոսին,  Էրպիլի արուարձաններուն մէջ գտնուող Այշթի 2 անուան գաղթավայրին մէջ ։ Ձեռնադրութեան արարողութիւնը նախագահած է Եոաննու Պետրոս Մոշէ եպիսկոպոսը։ 

Նորօծ քահանաներէն մին, Հայր Ռոնի Սալիմ Մոմիքա ըսած է, թէ հակառակ տեղահանուած քրիստոնեաներու դժուարին եւ տխուր պայմաններուն, նոր քահանաներու օծումը մեծ ուրախութեան առիթ եղած է հաւատացեալներուն համար։ Հայր Մոմիքա նշած է, թէ այս առիթ մըն է քրիստոնեաները խրախուսելու, որ չլքեն իրենց երկիրը։

Գաղթականներու յիշեալ բանակավայրը օթեւան է 5500 տեղահանուածներու, որոնց մեծ մասը ասորի քրիստոնեաներ են, Քարաքոշ քաղաքէն, ուրկէ հեռացած էին երկու տարիներ առաջ, օգոստոսի 6ին, երբ Իսլամական Պետութիւնը յարձակած էր Քարաքոշի վրայ եւ ստիպած էր բնակիչները կամ դառնալ իսլամութեան, վճարել բարձր տուրքեր եւ կամ սպաննուիլ։
«Երկու տարի առաջ, այս օրերուն էր, երբ մենք լքեցինք Քարաքոշը», ըսած է Հայր Մոմիքա, աւելցնելով, թէ այդ պարագան մեծ մարտահրաւէր մըն էր եւ մեծ տխրութիւն պատճառած էր բոլոր քրիստոնեաներուն։
Այդ տխուր օրերու յիշատակի տարեդարձը մեր ուշադրութիւնը կրկին կը հրաւիրէ Իրաքի քրիստոնեաներու անորոշ վիճակին վրայ, սակայն կու տայ նաեւ ուրախութեան եւ յոյսի նշան մը՝ ի տես երեք երիտասարդներու քահանայական ձեռնադրութեան։
Քարաքոշը լքելէ առաջ, Հայր Մոմիքա եւ իր քոյրը 2010 թուականի ահաբեկչութեան մը վիրաւորեալ զոհերէն եղած են։ Այդ ահաբեկչական արարքին թիրախը եղած էր փոխադրակառք մը, որ մեծ թիւով քրիստոնեայ ուսանողներ Նինվէէն կը տանէր դէպի Մոսուլի համալսարանը։
2014ի յարձակումէն ետք, Քարաքոշի ժառանգաւորաց վարժարանը փակուած էր։ Նորընծաները իրենց ուսումը կը շարունակէին Լիբանանի Ալ-Շարֆա վարժարանին մէջ։ Հայր Մոմիքա եւ իր հետ միասին ձեռնադրուող Հայր Իմատ եւ Հայր Պետրոս, աւարտելէ ետք իրենց ուսումը Լիբանանի մէջ, վերադարձած էին Իրաք, եւ սարկաւագութեան ձեռնադրութիւնը ստացած էին 19 մարտ 2016-ին։ Մինչ՝ քահանայակիցներէն Հայր Պօղոս իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ Պաղտատի մէջ։
Արքեպիսկոպոս Եոաննու Պետրոս Մոշէ, Մոսուլի, Քիրքուքի եւ Քուրտիստանի Կաթողիկէ Ասորի Արքեպիսկոպոս, կատարած է ձեռնադրութեան արարողութիւնը։
Մօտ 1500 հաւատացեալներ ներկայ գտնուած են օծման սուրբ Պատարագին։ Նորօծ քահանաներու ընտանեկան պարագաներէն ոմանք ժամանած էին Իրաքի տարբեր շրջաններէն։
Վերջապէս Հայր Մոմիքա, յայտնած է, թէ կը փափաքի մնալ գաղթականներուն հետ եւ ծառայել անոնց, նոյնիսկ կեանքը վտանգելով։ Սակայն իր ծառայութեան վայրի որոշումը կը մնայ իր եպիսկոպոսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.