2016-08-12 11:13:00

Տը Միսթուրա ոչ բաւարար կը նկատէ Հալէպի մէջ Ռուսիոյ հաստատած զինադադարը


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլիզապեթ Թրիւտօ` մեկնաբանելով Հալէպի մէջ Ռուսիոյ հաստատած օրական երեք ժամուան զինադադարը, յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կ՛ողջունէ որեւէ զինադադար, որ կրնայ օգնել կենսական մարդասիրական օժանդակութիւններու մատակարարման, «սակայն զայն պէտք է յարգեն բոլոր կողմերը»:

Նշենք, որ ռուսական բանակի սպայակոյտի զինուորական գործողութեանց բաժանմունքի ղեկավար զօր. Սերկէյ Ռուտսքոյ յայտարարեց, որ հինգշաբթի (երէկ, «Ա.») օրուընէ սկսեալ Հալէպի մէջ պիտի հաստատուի օրական երեք ժամուան զինադուլ` մարդասիրական օժանդակութիւն մատակարարելու համար:

Սակայն Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա նշեց, որ Հալէպի մէջ Ռուսիոյ յայտարարած 3 ժամուան զինադադարը բաւարար չէ, եւ մարդասիրական օժանդակութիւն մատակարարելու համար զինադադարը պէտք է ըլլայ 48 ժամ տեւողութեամբ:

Տը Միսթուրա ըսաւ. «Զինուորական լուծումը Սուրիոյ կամ Հալէպի հարցը պիտի չլուծէ»` աւելցնելով, որ տագնապին երկու կողմերուն վրայ գտնուող քաղաքայիններն ալ շրջափակման եւ զինուորական բախումներուն պատճառով կը վտանգուին:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Հալէպի վերջին բախումներուն ընթացքին զինեալ խմբաւորումներուն կրած կորուստները հասած են 1000 զոհի եւ 2000 վիրաւորի:








All the contents on this site are copyrighted ©.