2016-08-12 13:19:00

Մեքսիքոյի մէջ եկեղեցիներու դռները բաց կը մնան տեղահանուածները ընդունելու համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Մեքսիքոն հարուածող ՝՝Էրլ՝՝ փոթորիկի  զոհերուն  թիւը հետզհետէ կ՝աճի։ Երկրի կառավարութեան տուեալներուն համաձայն, զոհուած են առնուազն 45 մարդ, եւ վերապրողներուն փնտռտուքը կը շարունակուի։

Մեքսիքոյի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը իրենց    մօտիկութիւնն ու ցօրակաութիւնը ցուցաբերած են  աղէտի բոլոր զոհերուն եւ   ցաւակցութիւնը յայտնած են մեռեալներուն ընտանեկան պարագաներուն։

Մեքսիքոյի եպիսկոպոսները յոյս յայտնած են,  որ Մեքսիքացի ժողովուրդին մէջ արթննայ սիրոյ եւ վեհանձնութեան զգացումները  բոլոր տառապողներուն նկատմամբ։

Մինչ՝ Փուեպլա թեմին արքեպիսկոպոսը ՝ գերապայծառ Վիքթոր Զանչեզ Էսփինոզա, յորդոր ուղղած է  իր բոլոր քահանաներուն, իրենց եկեղեցիներուն դռները բաց պահելու՝ ընդունելու համար տեղահանուածները, եւ  արագացնելու   համար  շտապ օգնութեան գործունէութիւնները։

Յիշենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապ , Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ, մօտիկութեան եւ զօրակցութեան  պատգամ յղած է Մեքսիքացի ժողովուրդին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.