2016-08-12 13:32:00

Կալկաթա կը պատրաստուի Մայր Թերեզայի սրբադասման հանդիսութիւններուն


(Ռատիօ Վատիկան)  4  Սեպտեմբեր 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պիտի կատարէ Մայր Թերեզայի սրբադասումը Վատիկանի մէջ։  Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքը եւս, որ հրապուրած էր Մայր Թերեզան, կը պատրաստուի այս մեծ օրուան։ Մասնագէտներ, քահանաներ, ուսանողներ, արուեստագէտներ կը կազմակերպեն սեմինարներ, ցուցահանդէսներ, աղօթքի հանդիպումներ՝ լուսարձակի տակ դնելով Մայր Թերեզայի «փիլիսոփայութիւնը մարդկութեան հանդէպ»։

Այլ նախաձեռնութեամբ մը Կալկաթա քաղաքի զանազան անկիւններէն կարգ մը երիտասարդներ կը պատրաստեն քաղաքի կեանքը պատկերացնող  լուսանկարներ, ապա իրենց անձնական ծախսերով պիտի մեկնին Հռոմ, ներկայ գտնուելու սրբադասման արարողութեան եւ այնտեղ ցուցադրելու իրենց այս լուսանկարները։

«Լուսանկարները կը ներկայացնեն ներշնչման այն աղբիւրները, որոնք հրապուրած էին Մայր Թերեզան մնալու այս քաղաքին մէջ», ըսած է Սրիճիթա Պուրման, կազմակերպիչներէն մին։

Կալկաթայի պողոտաներէն մին, որ երիտասարդներու սիրուած հաւաքավայր մըն է արդէն անուանուած է Մայր Թերեզա Սարանի փողոց։  Ծրագրուած են նաեւ զանազան տօնախմբութիւններ, որոնք պիտի երկարին մինչեւ այս տարուայ Սուրբ Ծննդեան շրջանը։ Հանրութեան համար բաց պիտի մնայ Մայր Թերեզայի տունը, ուր կը գտնուի նաեւ Սրբուհիին գերեզմանը։  Բազմաթիւ անձինք, որոնք միշտ այցելած են այս գերեզմանը, կը հաւաստեն, թէ իրենց աղօթքները միշտ լսելի եղած են։
Ցարդ այդ գերեզմանը կը գտնուի Մայր Թերեզայի հիմնած միաբանութեան մայր տան գետնայարկին մէջ, սակայն ծրագրուած է անոր տրամադրել յատուկ սրբավայր մը։
Օգոստոս 26ին, Մայր Թերեզայի ծննդեան օրը, Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի այնտեղ, իսկ սեպտեմբերի չորսին միաբանութեան խումբ մը քոյրեր եւ նորընծաներ ներկայ պիտի գտնուին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայանալիք սրբադասման արարողութեան։
Յիշենք, թէ Մայր Թերեզայի միաբանութեան քոյրերը կը ծառայեն նաեւ Հայաստանի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.