2016-08-11 15:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կէսօրուայ ճաշը բաժնեկցեցաւ 21սուրիացի գաղթականներու հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբթի 11 օգոստոս 2016-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի իր բնակարանին մէջ, կէսօրուայ ճաշը բաժնեկցեցաւ 21սուրիացի գաղթականներու հետ որոնք այժմ կ՛ապրին Հռոմի մէջ եւ հիւրն են Սանդ էճիտիոյ հասարակութեան։

Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Տիար Կրէկ Պուրքը։

Քահանայապետին վերոնշեալ հիւրերը այն սուրիացի ընտանիքներ են որոնք Իտալիա հասան Ֆրանչիսկոս Պապին Լեզվոս կղզի կատարած հովուական այցելութենէն ետք։

Ֆրանչիսկոս Պապին 21 հիւրերը անդամ էին 5 ընտանիքներու, որոնց շարքին 9 մանուկներ։ 21 սուրիացի գաղթականներէն 19-ն մահմետական են իսկ երկուքը քրիստոնեայ։

Ըլլայ չափահասները, ըլլայ մանուկները առիթը ունեցան զրուցելու Սրբազան Քահանայապետին հետ ու անոր պատմելու իրենց իտալիոյ մէջ կեանքի մասին։  Տօնախմբութեան պահ մը ապրեցանք, ըսին անոնք, ու պահ նաեւ յոյսի եւ խաղաղութեան պատգամի։ «Այնքան ուրախ ենք որ կարող չենք բառեր գտնել արտայայտելու մեր  երջանկութիւնը» յայտնեց բոլորին անունով Սուհայլա Աեեատը։

Ճաշի սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթեց «այդ ընտանիքին» համար որպէսզի Տէրը խաղաղութիւն պարգեւէ մեր երկրին» ըսաւ Ան։ Ճաշի աւարտին մանուկները Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրեցին իրենց գծագրութիւններու հաւաքածոյ մը, ուր ներկայացուած են իրենց առօրեայ կեանքէն պատկերներ մինչ Քահանայապետը ինը փոքրիկներուն պատրաստած էր այլ նուէրներ որ անձամբ յանձնեց անոնց։

Ճաշին մասնակցեցան նաեւ Վատիկանի Պետքարտուղարութեան տեղակալ` Գերապայծառ Անճելօ Պեչչու, Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հիմնադիր` Տիար Անտրէա Ռիքքարտի ու հասարակութեան այլ անդամներ, ինչպէս նաեւ Վատիկանի Ոստիկանութեան Պետ` Տիար Տոմենիքօ Ճանի ու այլ երկու ոստիկաններ որոնք զբաղած էին սուրիացի ընտանիքներով։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.